Տէր Զօրի Ազատագրումէն Ետք Սրբոց Նահատակաց Հայկական Եկեղեցւոյ Առաջին Լուսանկարները

Երէկ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Սուրիոյ զինուած ուժերու եւ դաշնակիցներու լայնածաւալ գրոհի արդիւնքով ազատագրուած է Տէր Զօր քաղաքը, ուր կը գտնուի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կառուցուած, Մեծ եղեռնի բազմաթիւ նահատակներու մասունքներն ամփոփող Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցին, որ 2014 թուականին «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման (ISIS) ահաբեկիչները պայթեցուցած էին: Սուրիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Նորա Արիսեանի խնդրանքով լրագրող Ահմատ Համտուշին ազատագրումէն ետք  լուսանկարած է հայկական եղեղեցին, որոնք «Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ ստորեւ:

 

Scroll Up