ՀՄԸՄ-ի Խումբը Դարձած Է Պասքեթպոլի Արաբական Ակումբներու Ախոյեան. տեսանիւթ

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբը դարձած է պասքեթպոլի Արաբական ակումբներու ախոյեան` նոյեմբեր 2-ին 99-98 հաշուով յաղթելով Մարոքոյի «Սալա» ակումբին:
Աւելցնենք, որ հոկտեմբեր 14-ին ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի աղջիկներու պասքեթպոլի ակումբը եւս դարձած էր աղջիկներու պասքեթպոլի Արաբական ակումբերու ախոյեան` 61-50 հաշուով յաղթելով մրցակցին:
Կից ներկայացուող տեսանիւթերուն մէջ խաղի յաղթական վայրկեաններն են եւ թէ ինչպէս Պէյրութի Պուրճ Համուտ հայկական թաղամասին մէջ հաւաքուած են երկրպագուները տօնելու սիրելի խումբին յաղթանակը: