Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Մասնակցեցաւ Հրաչեայ Բունիաթեանի Ծննդեան 110-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին

Այս տարի կը լրանայ ճանչցուած ակադեմիկոս Հրաչեայ Բունիաթեանի ծննդեան 110-ամեակը:
ՀՀ ԳԱԱ, կենսաքիմիայի հիմնարկի ղեկավարութեան ու Գերմանիոյ մէջ ապրող ակադեմիկոսի դստեր ջանքերով կը կազմակերպուին Հրաչեայ Բունիաթեանի յիշատակին նուիրուած մեծարման ձեռնարկներ Երեւանի եւ գիտնականի ծննդավայր Գաւառի մէջ:
Նոյեմբեր 1-ին կենսաքիմիայի հինարկին մէջ տեղի ունեցաւ Հրաչեայ Բունիաթեանի կիսանդրիի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ էր նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեան:
Իր ելոյթին մէջ Յակոբեան նշեց, որ Հրաչեայ Բունիաթեան հայկական գիտութեան մէջ խոշոր յետագիծ թողած մեծագոյն գիտնական էր, որ հանրաճանաչ դարձուց գիտութեան այս ուղղութեամբ հայ գիտնականներու նուաճումները միջազգային ասպարէզին մէջ. «Նրա անձի ու մեծագոյն աշխատանքի շնորհիւ կենսաքիմիայի ինստիտուտը կարողացաւ խորհրդային գիտութեան մէջ մեծանուն համբաւ ձեռք բերել եւ անցեալ դարի 90-ականների ոչ դիւրին ճանապարհը անցնելով կարողացաւ անընդմէջ նպաստել գիտութեան զարգացմանը: Պէտք է նշել, որ ես հպարտ եմ, որ ես ծուել եմ նոյն տարածաշրջանում»-նշեց նախարար Յակոբեան:
Հրաչեայ Բունիաթեան 1939-1941 թթ. եղած է Երեւանի բժշկական հիմնարկի կենսաքիմիայի ամպիոնի վարիչը, 1942-1946 թթ. Երեւանի պետական համալսարանի տնօրէնը, 1943 թ. ՀԽՍՀ ԳԱ Լ. Օրբելիի անուան բնախօսութեան հիմնարկի կենսաքիմիայի բաժինը, երկար տարիներ ԳԱ կենսաքիմիայի հիմնարկի տնօրէն, գիտութեան վաստակաւոր գործիչ է: Հիմնարկն այսօր կը կրէ մեծ գիտնականի անունը: