Հայկական Մշակութային Շաբաթ Ֆինլանտայի ՄԷջ

Հոկտեմբեր 28-ին Հելսինքիի մէջ տեղի ունեցաւ տօնական ձեռնարկ` նուիրուած հայ-ֆիննական բարեկամութեան: Ձեռնարկի ծիրէն ներս նշուեցաւ երկու յոբելենական տարեդարձ` Ֆինլանտայի անկախութեան 100–րդ եւ հայ–ֆիննական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25–րդ ամեակը:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ «Ֆինլանտա-Հայաստան միութեան» փոխնախագահ Մարինէ Տանոյեան, ձեռնարկին ծրագիրը կը ներառէր ինչպէս հայկական, այնպէս ալ ֆիննական տարրեր եւ համախմբած էր ոչ միայն Ֆինլանտայի, այլ նաեւ հարեւան Էսթոնիոյ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն` Թալլինի հայկական դպրոցի տնօրէն Ջաննա Շահբազեանի գլխաւորութեամբ: Ձեռնարկին իւրայատուկ շունչ հաղորդեցին Էսթոնիոյ «Տայք» պարախումբը եւ մանկական «Երազանք» երգչախումբը` ներկայացնելով հայկական երգ ու պարով յագեցած  շքեղ ծրագիր մը:

Պարուսոյց Գոհար Յովակիմեան անգամ  փոքրիկ պարային դասընթաց մը կազմակերպեց բոլոր ներկաներուն համար` բոլորին դարձնելով ձեռնարկի աշխոյժ մասնակից:

Յուզիչ էր նաեւ Հելսնիքի հայոց լեզուի խմբակի աշակերտներու ներկայացուցած հայրենասիրական բանաստեղծութիւնները: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ ֆին թատերական գործիչներ: Մանկապատանեկան «ILMIO» թատրոնի դերասանները երեխաներուն հետ տեղուոյն վրայ թատերական խաղ-ներկայացում բեմադրեցին, որուն հիմքին նոյնպէս ինկած էր հայ-ֆիննական բարեկամութեան թեման: Իսկ  ֆիննական «Q-teatteri» թատրոնի վարչութեան խորհուրդի նախագահ Իւկկա-Հիւտի Հիւտտին առաջին անգամ ներկայացուց Եղիշէ Չարենցի բանաստեղծութիւնները` ֆիններէն թարգմանութեամբ:

Պաշտօնական ծրագիրէն յետոյ հիւրերը հնարաւորութիւն ունեցան համտեսելու հայկական եւ ֆիննական ուտեստներ` հարիսա, ղափամա եւ քաղցրաւենիքներ:

Նշենք նաեւ, որ ձեռնարկին ներկայ էին Ֆինլանտայի եւ Շուէտի մէջ ՀՀ դեսպանի տեղակալ Արշակ Մանուկեան, ինչպէս նաեւ բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան` իր դերասանական խումբով` դերասան Ալեքսանդր Խաչատրեանի գլխաւորութեամբ: Անոնք Ֆինլանտայի մէջ կը գտնուէին յատուկ առիթով. օրեր առաջ Ջիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչ» ֆիլմը յաղթող  ճանչցուած էր Սքանտինաւեան ֆիլմերու փառատօնին` մրցանակի արժանանալով 2 անուանակարգի մէջ` լաւագոյն գեղարուեստական ֆիլմ եւ լաւագոյն դերասան, որ մարմնաւորած էր դերասան Ալեքսանտր Խաչատրեան:

Յատկանշական է, որ Հելսինքի մէջ նախորդ շաբաթ յագեցած էր հայկական տարրեր պարունակող մշակութային իրադարձութիւններով. հոկտեմբեր 26-ին տեղի ունեցաւ Սքանտինաւեան ֆիլմերու փառատօնի մրցանակաբաշխութիւնը, ուր, ինչպէս նշեցինք,  մեր հայրենակիցները մրցանակի արժանացան, իսկ հոկտեմբեր 27-ին Հելսինքի «Երաժշտութեան տան»- մէջ տեղի ունեցաւ տաղանդաշատ ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեանի համերգը: Հոկտեմբեր 28-ի «Ֆինլանտա-Հայաստան միութեան» կողմէ կազմակերպուած  հայ-ֆիննական բարեկամութեան նուիրուած տօնակատարութիւնն ալ գեղեցիկ կերպով ամփոփեց ինչ-որ առումով հայկական մշակութային շաբաթը Հելսինքի մէջ:

Scroll Up