Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Փարիզի «Դպրոցասէր» Ամէնօրեայ Վարժարանի Տնօրէն Հայկ Սարգսեանը

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այսօր` հոկտեմբեր 30-ին, ընդունեց Փարիզի «Դպրոցասէր» ամէնօրեայ հայկական վարժարանի տնօրէն Հայկ Սարգսեանը եւ լուսանկարիչ Ռոճեր Գասպարեանը (Roger Kasparian):
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Հայաստանի դպրոցներու հետ գործակցութեան հարցեր` մասնաւորապէս Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող դպրոցներու քոյրացման ծրագիրը, որ առաջին քայլերն եղած են եւ այսօր Երեւանի թիւ Ստեփան Զօրեանի անուան թիւ 56 դպրոցին մէջ տեղի կ’ունենայ երկու դպրոցներու քոյրացում: Այս գործընթացը պիտի ամրագրուի նաեւ երկու դպրոցներուն միջեւ յուշագիրի ստորագրմամբ:
Ողջունելով հիւրերը` Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց համայնքին մէջ դպրոց ունենալը: «Եթէ համայնքում դպրոց, եկեղեցի չկայ, ձուլումն անխուսափելի է, դրա համար ես խորապէս համոզուած եմ, որ համայնքի կենտրոնը դպրոցն է»,-ըսաւ նախարար Յակոբեան: Անոր խօսքով անգնահատելի է «Դպրոցասէր»-ի աւանդը ֆրանսահայ համայնքի պահպանման գործին մէջ: Ան նշեց, նաեւ, որ նախարարութիւնը իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Փարիզի մէջ հայկական կրթական հաստատութիւններու աւելացման հարցով: Նախարարը Հայկ Սարգսեանին առաջարկեց ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիր իրականացնել:
Ֆրանսահայ լուսանկարիչ Ռոճեր Գասպարեան նախարարին նուիրեց իր լուսանկարներու ալպոմը, որուն մէջ տեղ գտած են աշխարհահռչակ արուեստագէտներ ու երաժիշտներ, ինչպիսիք են «Պիթլզ» խումբի անդամ Փոլ Մաքքարթնին, «Փինք ֆլոյտ» խումբի անդամնները եւ այլն:
Նախարարը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց 2018թ. աջակցելու լուսանկարիչի ցուցահանդէսի կազմակերպման Երեւանի մէջ:
«Դպրոցասէր» ամէնօրեայ վարժարանը հիմնուած է 1879 թ-ին, Կ.Պոլսյ մէջ` հայ մտաւորական կանանց նախաձեռնութեամբ եւ հանրութեան նիւթական օժանդակութեամբ` Արեւմտեան Հայաստանի հայաբնակ վայրերու վարժարաններու համար ուսուցիչներ պատրաստելու նպատակով: 1896 թ-ին փակուած է եւ վերաբացուած 1908 թ-ին: Մեծ եղեռնէն յետոյ դարձած է որբանոց: 1922 թ-ին տեղափոխուած է նախ Սալոնիկ, ապա` Մարսէլ: 1927 թ-ից հաստատուած է Փարիզի Ռենսի արուարձանին մէջ` արդիական յարմարութիւններ ունեցող շէնքի մը մէջ: Մինչեւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի սկիզբը վարժարանին կից գործած են կարուձեւի արհեստանոցներ, մեքենագրութեան, սղագրութեան, հիւանդապահութեան բաժիններ:
1948 թ-էն ֆրանսական կառավարութիւնն այն ճանչցած է որպէս երկրորդական վարժարան: Կը դասաւանդուի հայոց լեզու, գրականութիւն, պատմութիւն: Ուսուցումը կ’իրականացուի արեւմտահայերէնով: Դպրոցը ունի երգչախումբ եւ ֆութպոլային խումբ: Կրթօճախի ուսուցիչները մասնակցած են Հայաստանի մէջ կազմակերպուած վերապատրաստման ծրագիրներու:
Դպրոցին մէջ կ’ուսուցանեն շուրջ 270 աշակերտ, կը դասաւանդեն մօտ 20-25 ուսուցիչ: