«Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութիւն-300» Խորագիրով Միջազգային Գիտաժողովը Շարունակեց Իր Աշխատանքները

Հոկտեմբեր 24-ին մեկնարկած «Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութիւն-300» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը շարունակեց իր աշխատանքերը «Մխիթարեաններու գործունէութիւնը պատմագիտութեան ասպարէզին մէջ», «Մխիթարեաններու աւանդը բանասիրութեան ոլորտին մէջ», «Արուեստը եւ մշակոյթը Մխիթարեաններու գործունէութեան մէջ» թեմատիկ ուղղութիւններով:
Առաջին ուղղութեան թեմատիկ նիստին զեկուցումներով հանդէս եկան «Բազմավէպ» հայագիտական հանդէսի խմբագիր Հայր Սերովբէ վրդ. Չամուրլեան («Մխիթար Աբբահօր մուտքը Սուրբ Ղազար կղզի»), ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան հիմնարկի Քրիստոնեայ Արեւելքի բաժնի գլխաւոր գիտաշխատող Ազատ Բոզոյեան («Բիւզանդական նոմոկանոնի վենետիկեան ձեռագիրը»), Վանաձորի պետական համալսարանի պատմաշխարհագրական բաժանմունքի պատմութեան ամպիոնի վարիչ Ֆելիքս Մովսիսեան («Վենետիկի Մխիթարեանները նապոլէոնեան տիրապետութեան դէմ եւրոպական ժողովուրդներու ազգային-ազատագրական պայքարի մասին»), Երեւանի պետական համալսարանի դասախօսներ Նորայր Պօղոսեան («Մխիթարեան միաբաններու նամակները 18-րդ դարուն Երուսաղէմի կացութեան մասին») եւ Լուսինէ Ս. Սահակեան («Վենետիկի Մխիթարեան Մատենադարանին մէջ պահուող Համշէնի մէջ օրինակուած երկու ձեռագիրի մասին (հմր. 114, հմր. 52)»), Հայկական հանրագիտարան հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր-տնօրէն Յովհաննէս Այվազեան («Մխիթարեան միաբանութեան բնագիտական ժառանգութեան շուրջ»), ԳԱԱ փիլիսոփայութեան, ընկերաբանութեան եւ իրաւունքի հիմնարկի յառաջատար գիտաժողով Ռիմա Միրումեան («Մխիթարեաններու քաղաքակրթական մեծ սխրանքը»):
«Մխիթարեաններու աւանդը բանասիրութեան ոլորտին մէջ» թեմատիկ նիստին իրենց զեկուցումները ներկայացուցին Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի Հայ գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոնի վարիչ Աելիտա Դոլուխանեան («Վիքթոր Լանգլուան Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան մասին»), Մ. Աբեղեանի անուան Գրականութեան հիմնարկի գիտական գիծով փոխտնօրէն Հերիքնազ Որսկանեան («Հայ միջնադարեան տեսիլներու Մխիթարեաններու հրատարակութիւնները եւ ուսումնասիրութիւնները»), Մ. Աբեղեանի անուան Գրականութեան հիմնարկի յառաջատար գիտաշխատող Ալբերտ Մուշեղեան («Վիեննայի եւ Վենետիկի Մխիթարեան Հայրեր Յովսէփ Գաթըրճեանը եւ Բարսեղ Սարգիսեանը` Նիկիական Հանգանակի ակնառու մէկնաբաններ (եւրոպացի մասնագէտներու գնահատմամբ)»), Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս Ռուզաննա Տէր-Գրիգորեան («Ռուս դասական գրականութիւնը Մխիթարեաններու գնահատմամբ»), ԳԱԱ Արուեստի հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Անահիտ Բեքարեան («Պայրոնի հայագիտական ուսումնասիրութիւնները Մխիթարեան Մայրավանքին մէջ»), ԳԱԱ ԼԻ ընդհանուր եւ համեմատական լեզուաբանութեան բաժնի վարիչ եւ հայոց լեզուի եւ անոր դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոնի վարիչ Վազգէն Համբարձումեան («Մխիթարեան միաբանութեան լեզուամշակութային դերը հայերէնի ուղղագրութեան դասական կանոնարգման գործին մէջ»), Վանաձորի պետական համալսարանի դասախօս Լիլիթ Պետրոսեան («Հին հայերէնի հնչիւններու մասին դիտարկումները Դ. Թրականցու «Քերականական արուեստ»-ի մեկնիչներու երկերուն մէջ»), լեզուաբան, Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանի դասախօս Լաւրենտի Միրզոյեան («Մխիթարեաններու մանկավարժական ժառանգութիւնը»):
Երրորդ թեմատիկ նիստին` «Արուեստը եւ մշակոյթը Մխիթարեաններու գործունէութեան մէջ», զեկուցումներով հանդէս եկան Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկ-մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Արուսեակ Թամրազեան, «Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան «Մանրուսման» ձեռագիրները», Չեխիոյ Չարլզ համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժանմունքի պատուաւոր անդամ, համալսարանի նուագախումբի եւ երգչախումբի գլխաւոր խմբավար Հայկ Իւթիւջեան («Վենետկօ Մխիթարեան Ս. Հարց երաժշտական վաստակը»), ՀՀ ԳԱԱ Արուեստի հիմնարկի տնօրէնի տեղակալ, երաժշտութեան բաժնի վարիչ Աննա Ասատրեան («Հայ երաժշտութիւնը «Գեղունի» էջերուն մէջ»), Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի երաժշտութեան պատմութեան ամպիոնի վարիչ Լուսինէ Զ. Սահակեան («Կոմիտաս Վարդապետը եւ Մխիթարեան միաբանութիւնը»), ՀՀ ԳԱԱ Արուեստի հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Անահիտ Բաղդասարեան («Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնները Պիետրօ Բիանկինիի բազմաձայն մշակմամբ»), Ալ. Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկի հիմնադիր-տնօրէն Աշոտ Գրիգորեան («Հայկական պաշտամունքային կառոյցներու յօրինուածքային նախատիպերու եւ տիպերու ծագման ու զարգացման նախապայմաններու մէկնութիւնները, ըստ Վենետիկի Մխիթարեան միաբաններու ուսումնասիրութիւններու»), ԳԱԱ Արուեստի հիմնարկի յառաջատար գիտաշխատող Դաւիթ Քերթմենջեան («Հայկական քաղաքաշինութեան պատմութեան նիւթերը Մխիթարեաններու գիտական ժառանգութեան մէջ»):
Բոլոր բաժանմունքներուն մէջ տեղի ունեցան քննարկումներ: