«Հայոց Հանճարը, Ի Հեճուկս Մեր Թշնամեաց, Վերջ Չունի, Չաւարտիր».Վարանդ Քիւրքչեան
Հոկտեմբեր 8-12 Ծաղկաձորի մէջ կայացաւ սփիւռքահայ հայագիր եւ օտարագիր գրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովը, որուն աշխարհի տարբեր երկիրներէ կը մասնակցէին շատ գրողներ: Համաժողովի մասնակիցներուն մէջ էր նաեւ Իրանահայ գրողներու միութեան նախագահ, բանաստեղծ, թարգմանիչ Վարանդ Քիւրքչեան, որուն հետ հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ զրուցելու «Հայերն այսօր»-ի համար. ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը ներկայացնենք այդ հարցազրոյցը:
–Պարո՛ն Քիւրքչեան, այս համաժողովը Ձեզի համար ի՞նչ ընթացք ունեցաւ. համաժողովն աւարտած է եւ հիմա, յետահայեաց, քանի մը օր անց, ինչպիսի՞ մտորումներ ունիք` կապուած այդ հայահաւաք նախաձեռնութեան հետ:
-Այս համաժողովը բաւականին լաւ կազմակերպուած էր, արդիւնաւէտ եւ նպատակային էր այն առումով, որ աշխարհի տարբեր ծայրերէն եկած հայ գրողները հանդիպին, շփուին հէ՛նց Հայրենիքի մէջ, որ ոգեղէն լիցքեր կու տայ դուրսը ապրող հայերուն: Համաժողովը փոխադարձաբար հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ, որ մենք համագործակցինք Հայաստանի գրողներու, ինչպէս նաեւ` համայնքը համայնքի հետ: Արծարծուած կարծիքները, առաջարկութիւններն ու մտայղացումներն անմիջապէս չեն կրնար արդիւնք տալ, ժամանակ հարկաւոր է, որ ատոնք խմորուին, հասուննան եւ դառնան իրականութիւն, գործի վերածուին: Ըլլալով Հայոց ցեղասպանութեան ամբողջ ցաւն ու սարսափը, սպանդն իրենց հոգիին մէջ, յիշողութեան մէջ դաջած մեծ եւ եղեռնազարկ գերդաստանի մը ժառանգ` ինծի համար կայ կարեւոր, յայտնի ճշմարտութիւն` մը այն, որ հայոց հանճարը, հա՛յն առհասարակ, ի հեճուկս մեր թշնամեաց, վերջ չունի, չաւարտիր:
–Պարո՛ն Վարանդ, Իրանահայ գրողներու միութեան մէջ բանաստեղծնե՞րը կը գերակշռեն թէ՞ արձակագիրները:
-Սկսիմ երիտասարդներէն. անոնց աւագ գրիչի ընկերնե՛րը խորհուրդ կու տան, թէ որ ժանրին մէջ աւելի յաջողակ են, սակայն ատկէ առաջ կը փորձենք անոնց հայերէնի իմացութիւնը զարգացնել: Կայացած գրողներու շարքերուն մէջ հաւասարաչափ են չափածոյ եւ արձակ ժանրերով ստեղծագործողները: Պէտք է ըսեմ, որ 70-ականներու 200-250 հազարանոց իրանահայ շէնշող համայնքէն վերջին տասնամեակներու անցուդարձերով, ընդհանրապէս, Միջին Արեւելքի քաոսային իրավիճակով պայմանաւորուած` շատե՛րն արտագաղթեցին եւ, բարեբախտաբար, Հայաստան տեղափոխուողներ ալ շատ եղան…սակայն համայնքէն այդ հեռացումն իր էական ազդեցութիւնը թողեց նաեւ գրական աշխարհին վրայ:
–Գաղտնիք չէ, որ պատմավէպ գրողներ գրեթէ չունինք. այս ճիւղը նահանջ կ’ապրի, համամի՞տ էք…
-Համամիտ եմ. ըսեմ, որ պատմավէպ գրելն այնքան ալ դիւրին չէ, ժամանակատար է, այստեղ պէտք է շատ լաւ ուսումնասիրել ժամանակաշրջանը, ստոյգ տեղեկութիւններ տալ, ըլլալ հնարաւորինս առարկայական…
–Որքան ալ պատմագիրը փորձէ առարկայական ըլլալ, միեւնոյնն է, ան անպայման իր գրուածքին մէջ անհատականութիւն կը դրսեւորէ…ըսենք` ես կը շարադրեմ մերօրեայ ժամանակաշրջանը եւ որոշակի երեւոյթներու, անհատներու հանդէպ ունիմ իմ անձնական կարծիքս եւ, բնականաբար, առարկայնութեան շառաւիղը մասամբ անկում պիտի ապրի…այսինքն` պատմագիրը չի կրնար ստոյգ վաւերագրութիւն ներկայացնել իր գործին մէջ, այս առումով ի՞նչ կ‘ըսէք:
-Միանգամայն համամիտ եմ. անգամ մեր շատ պատմիչներու` իրենց ժամանակի թագաւորական ցեղի հանդէպ ունեցած համակրանքը կամ հակակրանքն արդէն կրնայ շեղում ըլլալ առարկայութենէն. այս երեւոյթը, որքան ալ պատմիչը, գրողը փորձէ անաչառ ըլլալ, պատմագրական գործեր ստեղծելուն ինչ-որ չափով անխուսափելի է: Այնքա՜ն թեմաներ կան` պատմավէպեր դառնալու…օրինակ` Խաչատուր վարդապետ Կեսարացիի մասին, որ Նոր Ջուղա քաղաքին մէջ հիմնադրած է Միջին Արեւելքի առաջին տպագրական սարքը, Մադրասի մէջ լոյս ընծայուած առաջին տպագիր թերթի` «Ազդարար»-ի հիմնադիր Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեանի մասին կարելի է գրել պատմավէպ մը…
… Մեր պատմավէպը նահանջ կ’ապրի. սա, անշուշտ, ցաւալի երեւոյթ է, որովհետեւ պատմավէպի միջոցով կարելի է շէնշող գործեր ստեղծել. ինչպէս Կոստան Զարեան ըսած է` մեր պատմութիւնը դեռեւս ամբողջովին պեղուած չէ:
–Հայրենակի՛ց, Դուք բանաստեղծ էք, իսկ պատմավէպ գրելու փորձ ըրա՞ծ էք:
-Ասկէ 40 օր առաջ 1921-ին Լեւոն Շանթի մասին լոյս տեսած տպագրութիւն մը տեսայ, որ հիմք ծառայեց, որ ես, սկսած 1921-էն, Երեւանի բերդի գրաւումէն մինչեւ Արտազ գաւառ, Թաւրիզ, յուշակոթողներ, այդ ժամանկներուն Թաւրիզ աշխատած դերասան-դերասանուհիներ, մտաւորականներ…փնտռեմ, գտնեմ, ուսումնասիրեմ եւ վէպ կառուցեմ: Ատոնց հիման վրայ ստեղծած եմ 300-400 էջնոց վէպ մը, որ վերնագրած եմ` «Քաղաքը»: Լեւոն Շանթը, Թաւրիզով անցնելուն, նամակ-պատգամ մը կը ստանայ ծագումով հայէ մը, ուր գրուած էր, որ «քաղաք» բառը երկու կողմէ կարդալուն ալ «քաղաք» կը կարդացուի. ես ընտրեցի այդ բառը, որ քերականօրէն բառ մըն է, սակայն այդ վերնագիրն իմ պատմավէպին մէջ 4 քաղաք կը պարունակէ` Երեւան, Թաւրիզ, Թեհրան եւ Գահիրէ: Մէկ վէպի միջոցով կարելի է հարիւրաւոր կերպարներ վեր հանել, ստեղծել…
–Քանի՞ գրող ներգրաւուած է Իրանահայ գրողներու միութեան կազմին :
-Շուրջ 30 գրող ընդգրկուած է. ունինք նաեւ երիտասարդ գրողներու բաժին, ուղղութիւն տալով անոնց, հանդիպումներ կ’ունենանք, սակայն շատ չենք միջամտեր անոնց գործերուն, մեր շարունակական հետեւողականութեամբ կը փորձենք չի ճնշել իրենց:
–Քանի՞ գիրքի հեղինակ էք:
-34 գիրքերու հեղինակ եմ, որոնց մեծ մասը բանաստեղծական ժողովածուներ են, ունիմ նաեւ թատերախաղեր, գրականագիտական ուսումնասիրութիւններ, թարգմանութիւններ ըրած եմ անգլերէնէ, ֆրանսերէնէ: Թարգմանած եմ իմ նախասիրած հեղինակներուս գործերը:
–Տեղեակ եմ, որ այս համաժողովին անդրադարձ եղած է նաեւ թարգմանական գրականութեան, մասնակցած են թարգմանիչներ, որոնց ներկայութիւնը հրաշալի առիթ էր տարբեր գրողներու հետ շփուելու, անոնց գործերուն ծանօթանալու համար: Որպէս թարգմանիչ` ի՞նչ ըսելիք ունիք թարգմանութիւններու առիթով:
-Շատ ուրախալի էր, որ համաժողովին ներկայ էին նաեւ թարգմանիչներ: Թարգմանութիւնը շատ կարեւոր է գրողի միջազգային ճանաչման առումով. միայն քու միջավայրիդ մէջ ներկայանալով` չես ճանչցուիր: Եթէ հայերէնով չթարգմանուէին Շեքսպիրի, Պալզակի, Մոփասանի եւ օտարազգի այլ գրողներու գործերը, այսօր հայ ընթերցողը կը ճանչնա՞ր այդ գրողներուն: Համագումարէն յետոյ մենք այցելեցինք Օշական, ուր տարուայ լաւագոյն թարգմանչական գիրքի առաջին մրցանակը ինծի տրուեցաւ: Այդ գիրքը կը կոչուի «Իրանի ժամանակակից բանաստեղծութիւն». ատիկա 212 էջէ բաղկացած հաւաքածոյ է, որուն մէջ ներառուած են պարսիկ 100 լաւագոյն բանաստեղծներ, որոնց գործերը ես թարգմանած եմ բնագիրէն: Փորձած եմ ամէն մէկը իւրովի թարգմանել:
–Պարո՛ն Վարանդ, խօսէք, խնդրեմ, նաեւ Ձեր մասին եւ Ձեր արմատներուն. մեր նախնական զրոյցին մէջ ըսիք, որ կրթութիւն ստացած էք արտերկրի մէջ:
–Ես ծնած եմ Թեհրան, հօրս եւ մօրս ծնողները Արեւմտեան Հայաստանէն են` Կարինէն: Հօրս կողմը ջարդի ժամանակ 19–ը հարազատ կորսնցուցած է, մօրս կողմը` 26: Այդ օրերուն մեծ հայրս պատահականութեամբ փրկուած է` գտնուելով հարեւան աւանի մէջ, բայց կորսնցուցած է իր երեք տարեկան աղջկան, կնոջը: Յետագային ան հաստատուած է Քութայիս, յետոյ Խարկով կազմած է երկրորդ ընտանիք` ամուսնանալով ռուսի եւ յոյնի աղջկայ հետ, իսկ մօրս ընտանիքը անապատի մէջ էր…յետոյ մերոնք գացած են Իրանի հարաւային կողմ…հայո՜ւ ճակատագիր, հայո՛ւ բախտ…մասնագիտութեամբ բանասէր եմ, նաեւ նկարիչ եմ ու երգահան. Սփիւռքի մէջ ամենաշատ երգերը ես գրած եմ: Կրթութիւն ստացած եմ Իրանի, նաեւ` Ֆրանսայի, Մեծ Բրիտանիոյ մէջ: Հայրս ծանրամարտի ախոյեան էր, մայրս կ’աշխատէր կարի արհեստանոցի մէջ, 70-ականներուն մեր շէնքին մէջ ապրող ֆրանսական դեսպանատան կցորդի ընտանիքէն սորվեցայ նաեւ ֆրանսերէն, մեծմօրմէս սորված էի ռուսերէն: Կը գրեմ, կը թարգմանեմ, կը նկարեմ, կը դասաւանդեմ, սակայն հիմա որոշած եմ ամբողջովին նուիրուիլ կերպարուեստին:
Այսպիսին էր իմ հետաքրքիր զրուցակիցս` մեր տաղանդաշատ հայրենակից Վարանդ Քիւրքչեանը, որուն հետ ունեցած իմ հարցազրոյցս, բացի գրողներու համաժողովէն, ծաւալուեցաւ նաեւ կենսագրական ոչ պակաս կարեւոր ու հետաքրքիր հարցերու շուրջ, որոնց առանցքին տարագիր հայերու ժառանգի մը կեանքի ու հայանպաստ գործունէութեան պատմութիւնն է:
Կարինէ Աւագեան