«Թրքական Եւ Ատրպէյճանական Լոպին Եւրոպայի ՄԷջ» Խորագիրով Քննարկում Եւրոպահայերու 4-րդ Համագումարին Ընթացքին
Հոկտեմբեր 18-ին Պրիւքսէլի Հայ տան մէջ կայացած Եւրոպահայերու 4-րդ համագումարի 2-րդ կլոր սեղանը կը կրէր «Թրքական եւ ատրպէյճանական լոպին Եւրոպայի մէջ» խորագիրը, որուն զրուցավարն էր ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի եւրոպական հարցերու պատասխանատու Հեղինէ Էւինեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, որ նիւթը շատ կարեւոր եւ այժմէական է եւ անհրաժեշտ է քննարկել տարբեր տեսանկիւններէ:
«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթին, կը յայտնէ, որ բանախօսը նշած է, որ թուրք եւ ազրպէյճանական լոպին կ՛օգտագործէ 6-7 փաստարկներ, սակայն նաեւ ոչ օրինական միջոցներ, որոնք կ՛առնչուին փտածութեան:
Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ կազմակերպութեան երեւանեան գրասենեակի ծրագիրներու ղեկավար Տաթեւիկ Հայրապետեան յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը 6 հոգինոց խումբ մըն է, որ կը գործէ Պրիւքսելի եւ Երեւանի գրասենեակներու ճամբով: Ան ներկայացուց շարք մը թրքական եւ ազրպէյճանական լոպիիստական կազմակերպութիւններ եւ անոնց գործունէութեան ուղղութիւնները: Հայրապետեան նշեց, որ երկու երկիրներու լոպիիստական կազմակերպութիւնները կը համագործակցին որոշ հարցերու շուրջ: Ան ցաւ յայտնեց, որ Եւրոպայի մէջ, ուր ժողովրդավարութիւն կը քարոզուի` դրամի ազդեցութեան տակ ժողովրդավարութիւն ու մարդկային իրաւանց դէմ գործունէութիւն կը ծաւալի:
Լրատուական ուսումնասիրութեանց շարք մը ուսումնարաններու հիմնադիր Մուրատ Փափազեան յայտնեց, որ թրքական եւ ազրպէյճանական լոպիները նոյնն են, ունին նոյնպիսի միջոցներ եւ պետական ֆինանսաւորում, եւ որոշած են ամէն գնով ոչնչացնել հայկական լոպին: Ան նաեւ նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի ֆինանսաւորեր հայկական լոպին, իսկ թուրքերը եւ ազրպէյճանցիները կը ֆինանսաւորուին իրենց պետութիւններուն կողմէ, այդ պատճառով ալ կը նկատուին Էրտողանի եւ Ալիեւի գործակալներ, իսկ հայերը` իրենց երկիրներու քաղաքացիներ:
Տեղեկատուական անվտանգութեան եւ լրատուամիջոցներու մասնագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեան յայտնեց, որ ընկերային ցանցերուն վրայ աշխուժ կերպով կ՛ընթանայ հայ-թրքական հակամարտութիւնը, եւ այսօր ընկերային ցանցերը կը նկատուին ճակատներէն մէկը: Այդ ցանցերուն մէջ սկսած է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի սերտաճում, եւ այդտեղ մեծ ազդեցութիւն ունին թրքաբնակ ազրպէյճանցիները:
Ան նշեց, որ ազրպէյճանական կողմը Թուրքիայէն աւելի յարձակողական է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման հարցին մէջ, իսկ փոխարէնը` թուրք ազգայնականները աւելի աշխուժ են արցախեան տագնապին վերաբերող նիւթերուն մէջ: Երկու կողմերը կ՛օգտագործեն մեծ թիւով համացանցային քարոզչական աշխատողներ: