Անգլերէնի Անվճար Դասընթացներ

«Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական ՀԿ-ն կը յայտարարէ «Yerevan MOOC Camp Coursera for refugees» ծրագիրի մեկնարկին մասին:
ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան աջակցութեամբ իրականացուող ծրագիրի ծիրէն ներս ՀՀ-ի մէջ գտնուող փախստականները, սուրիահայերը, ինչպէս նաեւ տեղաբնակները որպէսզի բարելաւեն անգլերէն լեզուի իմացութիւնը եւ ձեռք բերեն գիտելիքներ անգլերէնի (Basic Business English, Business English and English for Business and Entrepreneurship) վերաբերեալ:
Դասընթացներն անվճար են: Դասընթացները կ’իրականացուին առցանց` աշխարհի լաւագոյն համալսարաններուն կողմէ: Դասընթացներու աւարտին կը տրուի վկայական:
Մասնակիցներուն դասընթացներուն ներգրաւուելու եւ դասերուն պատրաստուելու հարցով կ’աջակցին ծրագիրի օգնականները:
Այն անձիք, որոնք կը ցանկան մասնակցիլ ծրագիրին, կը խնդրենք լրացնեն ներքոյիշեալ դիմում-յայտը կամ դիմեն «Հալէպ» ՀԲՀԿ-ի գրասենեակ (հասցէ` ք Երեւան, Հիւսիսային պողոտայ 11, մուտքը` Աբովեան փողոցէն) մինչեւ ս/թ. հոկտեմբեր 31:
Հարցերու պարագային կրնաք զանգահարել 010 54 53 69 կամ 098 54 53 62 հեռախօսահամարներուն: