Տեղի Ունեցաւ «Հայապահպանութեան Գործին Մէջ Նշանակալի Աւանդի Համար» Ամէնամեայ Մրցանակաբաշխութեան Վերաբերեալ Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 18-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» ամէնամեայ մրցանակաբաշխութեան նուիրուած մամլոյ ասուլիս:

Ասուլիսի բանախօսն էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գագիկ Գեանջումեան:

Ներկայացնելով մրցանակաբաշխութեան պատմութիւնն ու նպատակը` Գագիկ Գեանջումեան նշեց, որ  այն 2010 թուականէն կ´ իրականացնէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը` Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան հետ համատեղ: «2010-2016 թուականներուն մրցանակաբաշխութեան մասնակցած է աւելի քան 700 մասնակից` աշխարհի 48 երկրէ: Իւրաքանչիւր տարի մրցանակաբաշխութեան ծիրէն ներս կը  յայտարարուին մրցոյթներու պայմանները եւ անուանակարգերը: Անցած տարի չորս անուանագարգերուն մէջ` «Մայրենիի պաշտպան», «Լաւագոյն հայկական կրթօճախ», «ՀՀ  եւ ԼՂՀ անկախութիւններու 25-ամեակին նուիրուած լաւագոյն հրապարակում» Սփիւռքի լրատուամիջոցներու մրցոյթ, «Կը սիրեմ քեզ, ի՛մ Հայրենիք» մանկապատանեկան շարադրութիւններու մրցոյթ, մենք ստացանք 192 յայտ աշխարհի  24 երկրէ (ԱՄՆ, Ռուսաստան, Գանատա, Արժանթին, Ֆրանսա, Գերմանիա, Մեծ Բրիտանիա, Հոլանտա, Աւստրիա, Յունաստան, Պուլկարիա, Շուէտ, Պելճիքա, Սպանիա, Էսթոնիա, Իտալիս, Քուէյթ, Եգիպտոս, Սուրիա, Կիպրոս, Հնդկաստան եւ այլն): Անուանակարգերու յանձնաժողովները կ´ուսումնասիրեն եւ կ´ամփոփեն, այնուհետեւ տեղի  կ´ունենայ մրցանակներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Անցեալ տարի մրցանակներու եւ խրախուսական տիպլոմի արժանացան 177 յայտատուներ: Անուանակարգերն ամէն տարի կը փոխուին, ունեցած ենք այնպիսի անուանակարգեր, ինչպիսիք են` «Լաւագոյն հայկական համայնք», «Հայկական աւանդական ընտանիք» եւ այլն:

Այս տարի  ընտրած ենք հետեւեալ չորս անուանակարգերը` «Մայրենիի պաշտպան», «Լաւագոյն հայկական կրթօճախ», «Լաւագոյն երիտասարդական/ուսանողական կազմակերպութիւն», «Ազատ Արցախ» եւ «Մայիս` յաղթանակներու ամիս» մանկապատանեկան ստեղծագործութիւններու մրցոյթ»,-նշեց Գագիկ Գեանջումեան:

Բանախօսն ընդգծեց, որ մրցանակաբաշխութեան հիմնական նպատակն է արժեւորել Սփիւռքի մէջ հայ ազգային ինքնութեան, մշակոյթի պահպանման գործին մէջ կազմակերպութիւններու, անհատներու ունեցած ներդրումը, գնահատել հայ համայնքներու, կրթամշակութային կառոյցներու եւ լրատուամիջոցներու գործունէութիւնը:

«Այս տարի յայտերու ընդունման վերջնաժամկէտը նոյեմբեր 30-ն է, եւ մենք կոչ կ´ընենք Սփիւռքի համայնքային կառոյցներուն, երիտասարդական, մշակութային կազմակերպութիւններուն, հայկական կրթօճախներու ներկայացուցիչներուն աշխոյժ մասնակցութիւն ցուցաբերել: Այս մրցանակաբաշխութիւնը անոնց համար ոչ միայն գնահատանք է, այլեւ ոգեշնչման, նոր լիցքերով աշխատելու, Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան նպաստելու իւրայատուկ միջոց: Վստահ ենք, որ այս տարի մասնակիցներու թիւն ու աշխարհագրութիւնը աւելի պիտի ընդլայնուին:

Մրցոյթը կ´իրականացուի երկու փուլով: Առաջին փուլը կ´իարկանացուի  համայնքներուն մէջ, որուն արդիւնքով ընտրուած ստեղծագործութիւնները կ´ուղարկուին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն: Երկրորդ փուլին նախարարութեան կողմէ ձեւաւորուած մրցութային յանձնախումբն աշխատանքներու գնահատման արդիւնքով կը յայտարարէ մրցոյթի յաղթողները:

Մասնակցութեան յայտին կից անհրաժեշտ է ներկայացնել կրթութեան մասին փաստաթուղթ (պատճէնը), համայնքի, կառոյցին կամ դպրոցին կողմէ տրուած բնութագիր-երաշխաւորագիր (հաստատուած կնիքով եւ ղեկավարի ստորագրութեամբ), իւրաքանչիւր անուանակարգի համար դիմողի գործունէութեան նկարագիր, նիւթեր, ներառեալ` տեսանիւթեր, որոնք կը փաստեն մրցանակաբաշխութեան դիմողներուն կողմէ իրականացուած հայապահպանական ծրագիրներուն մասին:

Յայտադիմումը կարելի է ներբեռնել www.mindiaspora.am  նախարարութեան պաշտօնական կայքէջէն կամ www.hayernaysor.am ելեկտրոնային թերթէն, լրացնել, ստորագրել, համայնքային կազմակերպութեան (կամ եկեղեցւոյ) կամ կրթօճախին կողմէ

Տրուած երաշխաւորագիրի հետ միասին ուղարկել gitakrtakan.diaspora@yandex.ru, gitakrtakan-diaspora@mail.ru, mshakuyt.diaspora@mail.ru ելեկտրոնային հասցէներուն:

Մրցանակաբաշխութեան իրականացման պատասխանատուն է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական ծրագիրներու վարչութիւնը (հեռ.` +374 10 58 56 01 (7-00), +374 60 500-830):

«Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակելի աւանդի համար» համահայկական ամէնամեայ մրցանակաբաշխութեան 2017 թ. մրցոյթներու արդիւնքներու մասին տեղեկատուութիւնը կը տեղադրուին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին` www.mindiaspora.am  կամ www.hayernaysor.am              «Հայերն       այսօր» ելեկտրոնային թերթին մէջ:

 

Scroll Up