Սփիւռքի Նախարարը Հանդիպեցաւ Գրողներու Համահայկական 6-րդ Համաժողովի Մասնակիցներուն Հետ

Հոկտեմբեր 12-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Գրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովի մասնակից սփիւռքահայ հայագիր եւ օտարագիր գրողները` Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանի գլխաւորութեամբ:

Է.Միլիտոնեան Սփիւռքի նախարարին ներկայացուց հոկտեմբեր 8-12 Ծաղկաձորի մէջ կայացած համաժողովի արդիւնքները` նշելով, որ անդրադարձ  կատարուած է հայ գրականութեան արդի խնդիրներուն:

Ողջունելով հիւրերը` Սփիւռքի նախարարը նշեց, որ հայկական մամուլն աշխուժօրէն լուսաբանեց  համաժողովի աշխատանքները, որ հայ հասարակութեան հնարաւորութիւն ընձեռեց ծանօթանալու սփիւռքահայ գրողներուն եւ անոնց ստեղծագործութեան: Նախարարը կարեւոր համարեց նաեւ օտար լեզուով հայ գրականութիւնն ու միտքը աշխարհին ներկայացնելու հանգամանքը: «Ժամանակակից հայ գրականութիւնը մեծ հարստութիւն է ստեղծել, որին պիտի հասու լինի ոչ միայն հայ, այլեւ օտարազգի ընթերցողը: Այս իմաստով շատ կարեւոր է մեր օտարագիր գրողների դերը: Սփիւռքահայ գրողներից շատերը մասնակցեցին նաեւ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին, եւ այս երկու համաժողովները լաւագոյն հնարաւորութիւն էին ինչպէս գրող-ընթերցող, այնպէս էլ հայաստանցի եւ սփիւռքահայ գրողների միջեւ նոր կապերի ստեղծման համար», – նշեց նախարարը:

Սփիւռքի նախարարը աւելցուց, որ հայ գրողները  մտաւորականութեան զարդն են, քանի որ անոնք ոչ միայն կը ստեղծեն նոր գործեր, այլեւ մայրենի լեզուի կրողներն ու պահապաններն են օտար երկիրներու մէջ:

Բարձր գնահատելով ամիրիկահայ գրող, թարգմանիչ եւ խմբագիր Սարգիս Վահագնի` Սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի տարածման նպաստող գործունէութիւնը եւ ստեղծագործական գործունէութեամբ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման բերած աւանդը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան պարգեւատրեց անոր Սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլեամ Սարոյեան» մետալով:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան եւ պարգեւի համար` Սարգիս Վահագնը նշեց, որ կը հպարտանայ Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեամբ:

Վրաստանի մէջ հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան նախագահ, վրաց խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Ժորա Սնխչեան ընդգծեց, որ Սփիւռքի նախարարութեան հետ աշխոյժ համագործակցութեան արդիւնքով միութիւնը կրնայ արագ լուծել իր խնդիրները:

Իրանահայ գրող Վարանդն իր ստեղծագործութիւններու վերջին ժողովածուն նուիրելով Սփիւռքի նախարարին` նկատեց, որ համաժողովի ձեւաչափով հանդիպումները գրողներուն լաւագոյն հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն միասին աշխատելու, համատեղ գրական-մշակութային ծրագիրներ մշակելու եւ իրագործելու:

Ռումանահայ գրող Մատլէն Գարագաշեան շեշտեց, որ «Արի տուն»-ը լաւագոյն հայադարձութեան  ծրագիրն է, եւ այս տարի իրենց համայնքէն ծրագիրին մասնակցած երկու աղջնակ վերադարձած են Ռումանիա ու աշխուժօրէն ներգրաւուած համայնքին մէջ իրականացուող հայապահպանական ծրագիրներուն, հանդէս կու գան հետաքրքիր նախաձեռնութիւններով:

Լիբանանահայ գրող, հրապարակախօս Խաչիկ Տէտէեան իր հերթին շնորհաւորեց Սփիւռքի նախարարը` վերջերս տպագրած «Հայկական Սփիւռքը յարափոփոխ աշխարհում» հանրագիտարանային նշանակութիւն ունեցող աշխատութեան համար` նշելով. «Տիկի՛ն Յակոբեան, Դուք նոյնպէս կը գրէք ու կը ստեղծագործէք, եւ մենք ուրախ ենք, որ Սփիւռքի բոլոր համայնքներուն վերաբերող Ձեր գիրքն այսուհետեւ պիտի օգնէ մեզի բազում հարցերու լուծումները գտնելու ճանապարհին»:

Ամերիկահայ Ֆիրա Ակեան նշեց, որ նախարարութեան մէջ ստացաւ այն ջերմութիւնը, որն անհրաժեշտ է գրողին լաւագոյն զգացումներով լիցքաւորուելու համար:

Քննարկուեցան յառաջիկային իրանահայ, վիրահայ, պոլսահայ գրողներու օրերը Հայաստանի մէջ իրականացնելուն, ինչպէս նաեւ երիտասարդ գրողներու ընդլայնուած խորհրդակցութեան կազմակերպման վերաբերող հարցեր:

Հանդիպման աւարտին Սփիւռքի նախարարը գրողներուն նուիրեց «Գրական Սփիւռք 2016» տարեգիրքը:

Scroll Up