Մոնրէալէն` Հայաստան, Հոլիւուտեան Ֆիլմարտադրութենէն` «Թումօ». Կ’ուզէի Զգալ, Թէ Ինչ Է Հայ Ըլլալը
Ալինա Քոչերեան ծնած է 1988 թ., Մոնրէալ: Ծնողները Եգիպտոսէն Գանատա տեղափոխուած են 50-60-ականներուն: Ալինան 6 ամիս առաջ առաջին անգամ ոտք դրած է Հայաստան 1-2 ամսով եւ որոշած այստեղ մնալ: Ծնողներն այնքան ալ ոգեւորուած չեն դստեր որոշմամբ, քանի որ կը կարծեն, որ Գանատայէն յետոյ «յետամնաց» Հայաստանի մէջ իրենց աղջկան լաւ ապագայ չի սպասեր, բայց Ալինան վստահ է` ծնողները իրենց կարծիքը կը փոխեն, եթէ գոնէ մէկ անգամ գան ու սեփական մաշկի վրայ զգան Հայաստանը:
«Պարադոսք է` այնտեղ մեր ծնողները մեզի կը սորվեցնեն հայերէն, կ’ուզեն, որ հայ մնանք, բայց երբ որոշում ենք Հայաստան ապրիլ, դէմ կ’ըլլան: Շատ կարեւոր է, որ ամէն սփիւռքահայ գոնէ մէկ անգամ տեսնէ Հայաստանը, որովհետեւ վստահ եմ, որ կը մտափոխուի: Եթէ Հայաստան չես եկած, գաղափար անգամ չունիս իրականութեան մասին, աւելի ճիշդ` շատ աւելի վատը գիտես, քան իրականութիւնն է»:
Ալինան Հայաստան եկած է «Դէպի Հայք» ծրագիրով` 2 ամիս կամաւորութիւն ընելու, բայց մտքով անգամ չէր կրնար անցնել, որ այնքան պիտի սիրէ Հայաստանը, որ այլեւս չի ցանկայ վերադառնալ Գանատա: «Յունիսին պիտի վերադառնայի, բայց ժամկէտը երկարացուցի մինչեւ յուլիս, իսկ յուլիսին մերոնց ըսի` լաւ, օգոստոսին կու գամ, օգոստոսին ալ ըսի` գիտէ՞ք, աշխատանք գտած եմ, հիմա չեմ կրնար գալ,-ծիծաղելով Ալինան, յետոյ քիչ մը մտահոգ կը շարունակէ,- մերոնք անհանգիստ էին: Մեր մեծ մայրերը, մեծ հայրերը Թուրքիայէն Եգիպտոս գացին, Եգիպտոսէն` Գանատա, որ իրենց երեխաներուն համար աւելի լաւ կեանք ապահովեն, ու իրենց համար իմ Հայաստան վերադարձը քիչ մը անսովոր է: Այո, մեր հայրենիքն է, բայց իրենց կարծիքով` Հայաստան քիչ մը յետամնաց երկիր է»:
Ինչեւէ, ծնողները խոստացած են գարնան գալ Հայաստան դստեր տեսակցութեան: Ալինան վստահ է, որ այդ այցը անոնց համար կարեւոր նշանակութիւն կ’ունենայ:
Ալինան հայերէն դժուար կը խօսի: Գանատայի մէջ մինչեւ 12 տարեկան շաբաթօրեայ հայկական վարժարան յաճախած է, միաժամանակ «Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւն» սկաուտական կազմակերպութիւն, սակայն հայ ազգի եւ մշակոյթի հետ կապն այդքանով սահմանափակուած է: 14 տարեկանէն յետոյ աւելի քիչ ներգրաւուած եղած է հայ համայնքի կեանքին, տունն ալ հայերէնը կամաց-կամաց զիջած է անգլերէնին:
Ուսանած է Մոնրէալի «Քոնքորտիա» համալսարանի հաղորդակցութեան եւ կինոարտադրութեան բաժինին մէջ: Համալսարանն աւարտելէ յետոյ միանգամէն աշխատանքի անցած է ֆիլմարտադրութեամբ զբաղուող ընկերութեան մը մէջ, որ ֆիլմեր կը նկարահանէր Հոլիւուտի համար: Ալինան այս ընկերութեան մէջ աշխատած է 4 տարի իբրեւ ֆիլմեր արտադրողի օգնական: Մասնակցած է հոլիւուտեան այնպիսի յայտնի ֆիլմերու նկարահանման աշխատանքներուն, ինչպիսիք են X-Men-ը, The walk-ը, որուն բեմադրիչը յայտնի Ռոպերթ Զեմեքիսն է: Ծանօթացած է Հիւ Ճեքմենի, Մայքլ Ֆասպենդերի եւ հոլիւուտեան այլ յայտնի դերասաններու հետ:
Յետոյ աշխատանքի տեղափոխուած է վիտէոխաղեր արտադրող ընկերութեան մը մէջ: «Կ’ուզէի համալսարանին մէջ սորված միւս գիտելիքներս ալ օգտագործել` գովազդ, մարքեթինգ, սոցիալական մետիա»: Երկու տարի այս ընկերութեան մէջ աշխատելէ յետոյ, նոր փոփոխութեան կարիք զգալով, որոշած է` Հայաստան երթալ:
Մինչ այդ երբեք Հայաստան տեսած չէ եւ Հայաստանի մասին աւելի շատ բացասական արձագանքներ ստացած երիտասարդ աղջկան այդ որոշումը կայացնելու հարցով օգնած են նաեւ բարեկամները, որոնք «Դէպի Հայք» ծրագիրով արդէն եկած էին Հայաստան: «Անոնք այնքան ոգեւորուած էին, որ կ’ըսէին` այդ քանի մը ամիսն իրենց կեանքի ամենահետաքրքիր ու արդիւնաւէտ փորձաշրջանը եղած է»:
2017 թուականի մարտ 26-ին Ալինան կու գայ Հայաստան: «Կը յիշեմ` Քիեւով կու գայի: Երբ մօտեցայ Երեւան գացող օդանաւին, շուրջս այնքան հայ կար, բոլորը բարձր-բարձր հայերէն կը խօսէին, ատիկա ինծի համար այնքան արտասովոր էր: Իսկ օդանաւին մէջ կողքս ծեր կին մը նստած էր, ինծի ինչ-որ բան հարցուց, բայց ինչպէս գիտէք, ձեր հայերէնը քիչ մը տարբեր է, ուզեցի իրեն օգնել, չկրցայ, չէի հասկնար, թէ ինչ կը հարցնէ»,- ծիծաղելով կը յիշէ ան:
Հայաստան գալէ յետոյ Ալինան 4 ամիս կամաւորութիւն կ’ընէ «Բարս մեդիա» ֆիլմի արհեստանոցին մէջ: Կը խոստովանի, որ շատ բան սորված է, որովհետեւ այլ բան է աշխատիլ հոլիւուտեան ֆիլմեր արտադրող ընկերութեան մէջ, ուր գումարի խնդիր չկայ, լրիւ այլ բան` աշխատիլ հայկական ֆիլմարտադրող ընկերութեան մէջ, ուր աշխատանքի մեծ մասը կ’անցնի գումարներ հայթայթելու վրայ: Մինչդեռ նիւթի բովանդակութեան առումով, ըստ Ալինայի, այստեղ այնքան բան կայ նկարելու, այնքան պատմութիւն կայ. «Հայաստան մարդկային հարուստ ու հետաքրքիր պատմութիւններու երկիր է»,- կ’ըսէ ան:
Ի՞նչը Ալինային այս կարճ ժամանակուան մէջ այսպէս ամուր կապած է մայր հողին հետ:
«Հայաստանի մէջ կայ բան մը, որ Գանատայի մէջ չկայ: Այստեղ մարդիկ աւելի անկեղծ են, պարզ, առանց ձեւականութիւններու: Եթէ մէկուն հարցնես` ո՞նց ես, ճիշդը կ’ըսէ: Եթէ լաւ չի, կ’ըսէ` լաւ չեմ ու կը պատմէ, թէ ինչու վատ է: Այստեղ մարդիկ այնպիսին են, ինչպիսին կան: Իսկ ես այս փոփոխութեան կարիքն ունէի: Եւ ես ուրախ եմ, որ հիմա որոշում կայացուցի գալ Հայաստան: Եթէ կորսնցնէի այդ հնարաւորութիւնը, միգուցէ այլեւս երբեք չգայի: Սա շատ կարեւոր շրջան էր ինծի համար: Ի վերջոյ, ես կ’ուզէի զգալ, թէ ինչ է հայ ըլլալը: Ճիշդ է, դեռ ամբողջովին չեմ զգացած, բայց այդ ճանապարհին եմ»,- կը ծիծաղի ան:
Սակայն զինք մտահոգող բան մը կայ` բացասական տրամադրութիւնները, յատկապէս թաքսի վարորդներու պարագային: Կ’ըսէ` ամէն անգամ թաքսի նստելուս, երբ վարորդները կ’իմանան, որ Գանատայէն եկած է Հայաստան, կը սկսին զարմանալ ու զայրանալ, թէ ոնց կարելի էր նման սխալ բան ընել: Բայց Ալինան նախապատրաստուած էր թաքսիստներու գրոհին, քանի որ հէնց սկիզբէն «Դէպի Հայք»-ի մէջ իրենց կը զգուշացնեն` Հայաստանի մէջ շատերը, յատկապէս` թաքսի վարորդները, կը փորձեն բացասական խօսիլ, փնովել Հայաստանը, բայց ատոր վրայ պէտք չէ ուշադրութիւն դարձնել, այլ պէտք է սեփական աչքերով տեսնել երկիրը:
Այժմ Ալինան կ’աշխատի «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կենդրոնը: Կը խոստովանի, որ երբ Գանատայի մէջ կարդացած է «Թումոյի» մասին, շատ զարմացած ու հիացած է: Բայց չէր կրնար պատկերացնել, որ օր մը առաւօտեան պիտի արթննայ, որ շտապէ երթալ «Թումօ»` աշխատանքի:
Աղբիւրը` Ankakh.com