Հայաստանի Մէջ Առաջին Անգամ Պիտի Նշուի «Սպարապետի Օր»-ը

Հոկտեմբեր 7-ին առաջին անգամ Հայաստանի մէջ պիտի նշուի «Սպարապետի օր»-ը: Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամէն կը յայտնեն, որ Խնձորեսկի մէջ կայանալիք տօնակատարութեան ծիրէն ներս տարբեր հարթակներու վրայ տեղի պիտի ունենան շարք  մը ձեռնարկներ:

Մասնաւորապէս, Խնձորեսկի կախովի կամուրջի երկարութեամբ կանգնած կատարողները դհոլ-զուռնայով պիտի ազդարարեն ձեռնարկի մեկնարկը: Ա. Խանփերեանցի անուան ռազմական օդագնացութեան համալսարանի եւ Վ. Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի ուսանողներու մասնակցութեամբ եւ ուղեկցութեամբ տեղի պիտի ունենայ երթ դէպի Մխիթար Սպարապետի գերեզման, ուր անոնք զինուորական խոստում պիտի տան եւ ծաղկեպսակ պիտի դնեն` պատուոյ պահակ կանգնելով ի նշան յարգանքի: Ապա պիտի տրուի զինուորական համազարկ:

Ձեռնարկին հանդէս պիտի գայ «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբը` Գագիկ Գինոսեանի ղեկավարութեամբ: Ցանկացողներուն համար պիտի կազմակերպուի հայկական ռազմական պարերու (քոչարի, եարխուշտայ, վերվերի) ուսուցում: Սբ. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ տարածքին պիտի հնչեն շարականներ երգչախումբի կատարմամբ: Տեղի պիտի ունենայ նետաձգութեան մրցաշար:

Ամբողջ օրը ներկաները յատուկ տաղաւարներէ կրնան գնել գիւղացիներու պատրաստած բնական ու մաքուր աւանդական կերակուրներ, թխուածքներ ու խմիչքներ: Ելոյթ պիտի ունենայ Արսէն Գրիգորեանի (Մրօ) ղեկավարած ազգագրական երգի համոյթը` ներգրաւելով ներկաները եւ ելոյթը վերածելով իսկական ժողովրդական տօնախմբութեան:

Ձեռնարկները պիտի եզրափակուին կալայ համերգով` Շուշան Պետրոսեանի, Պարի պետական անսամպլի, Գագիկ Գինոսեանի «Կարին» համոյթի, Արսէն Գրիգորեանի (Մրօ), ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ յատուկ զինուորական նուագախումբի մասնակցութեամբ: Պիտի ցուցադրուին կալա համերգի համար պատրաստուած ֆիլմեր: Տօնակատարութիւնը վերջ պիտի գտնէ հրավառութեամբ:

Scroll Up