Համերգ` Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Երգիչներու Մասնակցութեամբ

Հոկտեմբեր 3-ին «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բա՛ց գիրկդ, երկի՛ր, քեզ մօտ եմ գալիս» խորագիրով համերգը, որուն մասնակցեցան երգիչներ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն:

Համերգին ներկայ էր ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Ելոյթ ունեցան ամերիկաբնակ սիրուած երգիչ Պապին Պօղոսեան, Արմէն Յովհաննիսեան (յայտնի երգիչ Րաֆֆի Յովհաննիսեանի որդին), Հերմինէ Ամիրեան, Էմմա Թովմասեան, Սալբի Մայիլեան, Հայաստանէն` Վարդան Բադալեան, Անահիտ Սահակեան, Մաւր Մկրտչեան, Հայաստանի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբը` Նորայր Դաւթեանի ղեկավարութեամբ:

Համերգին ընթացքին երգիչներէն իւրաքանչիւրը ներկայացաւ իր երգացանկով, հնչեցին հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններ, ինչպէս նաեւ գուսանական, աշուղական երգեր:

Խումբի համերգային շրջագայութիւնը Հայաստանի մէջ կազմակերպած էր Յասմիկ Զալեան:

Երեկոյի աւարտին ելոյթ ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան: Ան Պապին Պօղոսեանին փոխանցեց 2016թ. անոր շնորհած ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալը, որուն արուեստագէտն արժանացած էր  սփիւռքի մէջ հայկական արուեստը տարածելու, այդ ոլորտին մէջ ստեղծագործական եւ կատարողական բարձր վարպետութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման գործին մէջ զգալի ներդրում ունենալու համար:

Արուեստագէտներ Սալբի Մայիլեան, Էմմա Թովմասեան, Հերմինէ Ամիրեան եւ Արմինէ Յովհաննիսեան պարգեւատրուեցան Սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրներով:

 

Scroll Up