ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն

Հոկտեմբեր 2-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան, Վահագն Մելիքեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները:

Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին կատարուած աշխատանքները, «Հայաստան-Սփիւռք» համահայկական 6-րդ համաժողովի ամփոփման արդիւնքները, նշեցին յառաջիկայ ընելիքները, հանդէս եկան նոր առաջարկներով:

Նախարարը շնորհաւորեց աշխատակազմը` նախարարութեան ստեղծման 9 ամեակին առիթով եւ մասնաւորապէս նշեց. «Ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել նախ եւ առաջ ՀՀ Նախագահին, որի հրամանագրով ստեղծուեց նախարարութիւնը եւ 9 ամեակը կարողացանք պատուով դիմաւորել: Շնորհակալութիւն բոլորին»

Նախարարը կարեւոր համարեց յառաջիկայ ձեռնարկներու պատշաճ կազմակերպումն ու լայն լուսաբանումը:

Քննարկուեցան աշխատանքային այլ հարցեր: Տրուեցան յանձնարարականներ:

Scroll Up