Սուրիահայ Վիրաբոյժը Արժանացած է Արցախի Պետական Պարգեւին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/09/1-31-300x225.jpg)
Արցախի առողջապահութեան նախարար Կարինէ Աթայեան Սեպտեմբեր 26-ին ընդունած է սուրիահայ վիրաբոյժ, Հայկական քրիստոնէական բժշկական ընկերակցութեան նախագահ Ճանի Հատտատը:
Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ` հանդիպման ժամանակ նախարար Կարինէ Աթայեան սուրիահայ վիրաբոյժ Ճանի Հատտատ Ֆուատին յանձնած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ շնորհած «Երախտագիտութիւն» մետալը` Արցախի Հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար եւ ի նշնաւորումն Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 26-րդ տարեդարձին:
Սուրիահայ բժիշկը գոհունակութիւն յայտնած է ոլորտին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն վերաբերեալ, քննարկուած են նաեւ յառաջիկային իրականացուելիք շարք մը ծրագիրներ: Հանդիպման աւարտին նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է վիրաբոյժի համագործակցութեան եւ Արցախի մէջ բարեգործական հիմունքներով իրականցուող աշխատանքներուն համար:
Յիշեցնենք, որ Ճանի Հատտատ 2011 թուականէն տարին 2 անգամ կ՛այցելէ Արցախ եւ Շուշիի շրջանային բժշկական հաստատութեան մէջ անվճար խորհրդատուութիւններ ու վիրահատութիւններ կ՛իրականացնէ: Անոր կողմէ Արցախի մէջ կարտարուած է 350-է աւել վիրահատութիւն: