«Դուք Կը Միաւորէք Սփիւռքը». Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան
Սեպտեմբեր 28-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ամերիկահայ նկարիչ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանը:
Ողջունելով հիւրը` նախարարը բարձր գնահատեց արուեստագէտի գործունէութիւնը, որ միտուած է Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, հայ մշակոյթի զարգացման ու տարածման:
Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, կարեւոր համարեց նախարարի եւ նախարարութեան դերը Սփիւռքի համախմբման գործին մէջ: «Դուք կը զբաղիք ոչ միայն հայապահպանութեամբ, նաեւ կը միաւորէք Սփիւռքը», – աւելցուց ան:
Անդրադառնալով Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին` հայազգի նկարիչը նշեց, որ այն կարեւոր էր այլ երկիրներու արուեստագէտներուն հետ մշակութային նոր կապեր հաստատելու, մասնագիտական ցանցեր ստեղծելու, ինչպէս նաեւ հայրենասիրական ոգին բարձր պահելու առումով:
Քննարկուեցան յետագայ համագործակցութեան, նախարարութեան ծրագիրներուն մասնակցութեան հետ կապուած հարցեր: