Մեր Ազգային Մշակոյթի Ջահն Այսօր Կը Բարձրացնէ Անկախութեան Սերունդի Երիտասարդը

Սեպտեմբեր 28-ին, ժամը` 19:00-ին, Գաֆէսճեան քանդակներու պարտէզին մէջ (Կասկադ) արդէն 4-րդ անգամ տեղի կ’ունենայ «Գութան» ազգագրական երգի-պարի ամէնամեայ փառատօնը: Հայկական աւանդական երգերն ու պարերը կը ներկայացուին լաւագոյն խումբերու կատարմամբ` բնօրինակ տարբերակով եւ կենդանի հնչողութեամբ:
«Պիտի ներկայացնենք այն ամէնը, որ կապուած է մեր ինքնութեան հետ: Փառատօնի միջոցով կը փորձենք տարածել ազգային մշակոյթը: Կը մասնակցի 19 ազգագրական երգի-պարի խումբ, մասնակիցներու ընդհանուր թիւը 400 է, որմէ 350-ը` անկախութեան սերունդի երիտասարդներ են: Այսինքն, սա յաղթանակ է, ցոյց կու տայ, որ բան կորսուած չէ: Մեր ազգային մշակոյթի ջահն այսօր կը բարձրացնէ անկախութեան սերունդի երիտասարդը»,-լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ ըսաւ ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Արսէն Գրիգորեան, որուն մտայղացմամբ եւ նախաձեռնութեամբ ալ սկիզբ դրուած է այս փառատօնին:
Նշենք, որ փառատօնն այս տարի տեղի կ’ունենայ նաեւ Արցախի մէջ: Կը մասնակցին 19 ազգագրական երգի-պարի խումբեր` «Ակունք», «Կարին», «Սասնայ Ծռեր», «Վան», «Վերադարձ», «Մասունք», «Տարօնցիներ», «Նուբար», «Գորանի», «Մենք ենք մեր սարերը»/Արցախ/, «Մարաթուկ», «Տաւրոս», «Զարթօնք», «Արդուին», «Վարք հայոց», «Ոստան», «Արեգ», «Մշոյ Հաւքեր»/Գաւառ/, «Մարաթուկցիներ»: Փառատօնի ընթացքին պիտի ցուցադրուին նաեւ մեր անցեալի հայ երգի ու պարի երախտաւորներու գործունէութեան վերաբերող ֆիլմեր` արժեւորելով անոնց ունեցած գործունէութիւնն ու մեզի փոխանցած աւանդը: