Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն Ընդունեց Պուէնոս Այրէսի Մխիթարեան Վարժարանի Սաները

Սեպտեմբեր 24-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ հիւրընկալեց Պուէնոս Այրէսի (Արժանթին) Մխիթարեան վարժարանի 11-րդ լսարանի սաները` ուղեկցութեամբ Բարձրաշնորհ Հայր Եղիա ծայրագոյն վարդապետ Քիլաղպեանի եւ Հայաստանի հետ վարժարանի կապերու պատասխանատու Ատրիանա Շուպարալեանի: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն:
Նորին Սրբութիւնը, իր հայրապետական սէրն ու օրհնութիւնը բերելով հայորդիներուն, իր գնահատանքը փոխանցեց վարժարանի տնօրինութեան կրթօճախի սաներու ուխտագնացութիւնը Մայր Հայաստան կազմակերպելու համար:
Վեհափառ Հայրապետը վերյիշեց Արժանթին կատարած Հովուապետական ուղեւորութեան ընթացքին իր այցը Մխիթարեան վարժարան, գնահատանքով խօսեցաւ կրթական հաստատութեան բարերարներու ազգօգուտ ծառայութեան մասին:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կարեւոր նկատեց նման այցելութիւնները, որոնք ոչ միայն առիթ կ’ընձեռեն Հայաստանէն հեռու հասակ առնող հայորդիներուն ճանչնալու իրենց հայրենիքը, այլեւ անջնջելի դրոշմ կը ձգեն պատանիներու հոգիին եւ ներշնչման աղբիւր կը դառնան յետագայ ողջ կեանքին ընթացքին: Նորին Սրբութիւնը վստահութիւն յայտնեց, որ վարժարանին մէջ ուսանող օտարազգի աշակերտները եւս հարուստ տպաւորութիւններով կը վերադառնան Արժանթին:
Երիտասարդները նաեւ պատասխանեցին Ամենայն Հայոց Հայրապետի հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին իրենց վարժարանին եւ Հայաստան այցի տպաւորութիւններուն: Իր հերթին Նորին Սրբութիւնն անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ տուաւ պատանիներուն հետաքրքրող հարցերուն վերաբերեալ:
Հանդիպումէն ետք հայորդիները Մայր Տաճարին մէջ ներկայ գտնուեցան Սուրբ Պատարագի արարողութեան: