Տեղի Կ’ունենայ Երուսաղէմահայ Բանաստեղծուհի Անոյշ Նագգաշեանի «Այդ Սերմը Ես Էի» Գիրքի Շնորհանդէսը
Սեպտեմբեր 22-ին, ժ.16:00-ին Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի կ’ունենայ երուսաղէմահայ բանաստեղծուհի, արձակագիր, հրապարակախօս Անոյշ Նագգաշեանի «Այդ սերմը ես էի» գիրքի շնորհանդէսը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս կու գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Ձեռնարկին իր օրհնութեան խօսքը կը բերէ Հայր Կոմիտաս վարդապետ Յովնանեան:
Զեկոյցներով հանդէս կու գան փրոֆէսորներ Սուրէն Դանիէալեան, Սամուէլ Մուրադեան, գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեան, թուրքագէտ Ռուբէն Մելքոնեան եւ այլք:
Ձեռնարկին կը մասնակցին գիրքի հեղինակ եւ հերոսուհի` Անոյշ Նագգաշեանի աշխարհասփիւռ հարազատները:
Անուշ Նագգաշեան հեղինակած է նաեւ «Սիրոյս տաք շունչէն», «Գիշերային պատարագ», «Անձրեւոտ սէր», «Եթէ յանկարծ տեսնես իրեն…», «Հատընտիր», «Փոքրիկ աղջիկը… Մեծ երազով», «Ես հայ եմ» ժողովածուները: