Տեղի Ունեցաւ Սփիւռքի Գործարար Եւ Մասնագիտական Ցանցերու Հնարաւորութիւններուն Նուիրուած Թեմատիկ Նիստ

Սեպտեմբեր 19-ին`«Հայաստան- Սփիւռք» համահայկական 6-րդ համաժողովի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ «Հայաստանի զարգացման հիմնախնդիրներ» ուղղութեան «Սփիւռքի գործարար եւ մասնագիտական ցանցերու հնարաւորութիւնները» թեմատիկ նիստը, որ նուիրուած էր Հայկական առեւտրային ցանցի (ATN) 3-րդ գործարար ֆորումին: Նիստը վարեց Հայկական առեւտրային ցանցի խորհուրդի անդամ Վահրամ Փիրջանեան (Գանատա):

«Միջազգային տնտեսութեան զարգացումները եւ անդրազգային ցանցերու զգալի դերը» զեկոյցով հանդէս եկաւ Ռումանիոյ խորհրդարանի անդամ, Ռումանիոյ Հայոց միութեան նախագահ, Ռումանիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբի նախագահ, Ռումանիա – Հայաստան առեւտրա- արդիւնաբերական  պալատի  հիմնադիր  Վարուժան Ոսկանեան:  Ան կարեւոր համարեց Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման  քայլերու արագացումը եւ ներդրումներու աշխուժացումը եւ մասնաւորապէս նշեց.  «Սփիւռքի համար սրբազան պարտականութիւն է,, որ ուս ուսի տանք Հայաստանի զարգացման համար: Չխօսինք միայն բարոյական ու հայասիրական հարցերու մասին, անդրադառնանք նաեւ տնտեսական հարցերուն: Հայաստանի մէջ զարգացած տնտեսութիւն չի կրնար գոյութիւն ունենալ, եթէ համահայկական ցանց չունենանք: Լրջօրէն պէտք է քննարկել այս հարցը»:

«Շարժա» դրամատան գործադիր տնօրէն եւ գլխաւոր կառավարիչ Վարուժան Ներգիզեան (ԱՄԷ) իր զեկուցման մէջ ներկայացուց «Համաշխարհային շուկաներու ընձեռած նոր հնարաւորութիւնները հայ գործարարի համար»: Ան նշեց, որ Սփիւռքի ողջ ներուժի ներգրաւման եւ տնտեսութեան զարգացման յառաջադէմ արհեստագիտութիւններու վրայ հիմնուած լուծումները արդիւնաւէտ կ’ըլլան:

«Հայկական գործարար աշխարհի ներուժը եւ համագործակցութեան հրամայականը» զեկոյցով հանդէս եկաւ Հայաստանի Առեւտրաարդիւնաբերական պալատի գլխաւոր տնօրէն, Հայկական առեւտրային ցանցի փոխնախագահ Անդրանիկ Ալեքսանեան:

Ան նշեց, որ կազմակերպութիւնը աշխարհի 20 երկրի մէջ ներկայացուցիչներ ունի եւ անոնց միջոցով կը փորձէ հայկական գործարարութիւնը աշխուժացնել, նպաստել տնտեսութեան զարգացման:

«Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի գործադիր տնօրէն Մարի Լու Փափազեան (ԱՄՆ) զեկուցեց «Սփիւռք-Հայաստան ներդրումը կրթական ոլորտին մէջ. վտանգներ եւ ակնկալիքներ» թեմայով, ներկայացուց կեդրոնի յաջողութիւնները եւ հեռանկարները:

«Հայաստանի առաջին պաշարը իր ժողովուրդն է» թեմայով զեկոյցով հանդէս եկաւ «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի հիմնադիր, խորհուրդի ատենապետ Կարօ Արմէնը (ԱՄՆ): Զեկուցողը գործարար  ֆորոմի ներկայացուցիչներուն կոչ ըրաւ` խօսքէն անցնիլ գործի, գործնական քայլեր ընել:

Ծաւալեցաւ քննարկում, հնչեցին ուշագրաւ առաջարկներ, դիտարկումներ եւ հարցադրումներ:

 

Scroll Up