Արժէքաւոր Ներդրում Սփիւռքագիտութեան Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/09/902957.jpg)
Հայկական սփիւռքագիտութիւնը համալրուեցաւ վաղուց սպասուող աշխատութեամբ. լոյս տեսաւ Հրանոյշ Յակոբեանի «Հայկական Սփիւռքը յարափոփոխ աշխարհում» (Է., Հեղ. հրատ.., 2017.-652 էջ) ծաւալուն գիրքը` իր առաջադրած հիմնախնդիրներու եւ ատոնց լուծումներու լրջութեամբ ու արդիականութեամբ:
Առաջին տպաւորութիւնը, որ կը ստանաս գիրքն ընթերցելուն, այդ հայկական Սփիւռքի ամբողջական, լիաթոք շնչող մարմնին վերաբերեալ պատկերացումն է, աշխարհասփիւռ ազգի մը, որն իր պատմական անցեալով ու յարատեւած կեանքով, մշակոյթով ու բարքերով, իր տեսակը պահպանելու անհաւատալի ճիգերով ու հաւատքով, տարակուսանքներով ու բերկրանքներով, վաղնջական ժամանակներէն ի վեր իր հայրենիքի սահմաններէն ներս չտեղաւորուող հանրութեան մասին պատկերացումը: Այս ամէնը ամենաընդհանուրն է, որ կրնանք ըսել հայկական Սփիւռքի մասին, որ պէտք է ճանչնալ, խորամուխ ըլլալ նոր խնդիրներուն, մօտէն ծանօթանալ անոր եւ ատկէ բխող եզրակացութիւններուն մնալով ճշմարտութեան անդրդուելի սահմաններուն մէջ: Կարելի է կարծել, որ հեղինակը` անառարկելիօրէն քաջատեղեակ իր ուսումնասիրութեան առարկային, Սփիւռքը եւ անոր էական խնդիրները վերհանելու իր զարմանալի կարելիութիւններով իրօք, մնացած է այդ ճշմարտութեան հաւատարիմ: Աշխատութեան մէջ կ’առաջադրուին վիթխարի բազմութեամբ հիմնահարցեր, բազմաբնոյթ ու բազմակնճիռ խնդիրներ, որոնք կը բնութագրեն Սփիւռքի եւ ընդհանրական եւ որոշակիօրէն հաստատուն կեանքն ու պատկերը այս իրօք յարափոփոխ աշխարհին մէջ:
Իր աշխատութեան առջեւ դրուած նպատակներուն ու խնդիրներուն վերաբերեալ զուսպ եւ միաժամանակ տարողունակ նախաբանէն ետք, հեղինակը կը մեկնի վերոյիշեալ ճանաչողական ակունքներէն` առաջին գլուխը նուիրելով Սփիւռքի պատմութեան եւ արդի բնութագրին: Այստեղ, եւ առաջ իյնալով ըսենք` նաեւ յետագայ շարադրանքին մէջ Սփիւռքը կը բացայայտուի եւ կը ներկայացուի ոչ թէ որպէս մէկ ինքնաբաւ երեւոյթ` ամփոփուած որեւէ երկրի կամ երկիրներու ու աշխարհամասերու սահմաններուն մէջ, այլ հայրենիքի, անոր ցեղասպանուած անցեալի, ապա անկախ պետականութեան, Արցախի ու անոր խնդիրներուն հետ ունեցած բազմածալք կապերով ու յարաբերութիւններով: Սկիզբէն իսկ կը ծանօթանանք հեղինակային իւրայատուկ ոճին` տեսական ձեւակերպումներուն զուգահեռ եւ ատոնց լծորդուած` Սփիւռքի արդիական եւ իրական խնդիրներու քննարկումը` Սփիւռքի գոյացման պատմական պատճառներուն ու պայմաններուն ուրուագծումներէն մինչեւ միջազգային սփիւռքագիտութեան դրոյթներու գնահատում` հայ սփիւռքագիտութեան տարածքներուն մէջ, վերջինիս իւրայատուկ չափանիշներու վերհանում: Վերջիններս կը լրացուին հեղինակի հիմնաւոր դիտարկումներով` Սփիւռք-ասպնջական երկիր, Սփիւռք-ազգային պետութիւն, Սփիւռքի անդրազգային յատկանիշներ ընդգրկումներով: Այս հիմնահարցերուն մէջ ի յայտ կը բերուի շատ կարեւոր օրինաչափութիւն մը` առհասարակ սփիւռքներու ձուլման եւ միւս կողմէն, ատոնց ինքնագիտակցութեան եւ ինքնակազմակերպման` իրարու հակակշռող անդադար գործընթացները:
Աշխատութեան մէջ առաջնահերթ նշանակութիւն տրուած է հայրենիք-սփիւռք կապերու ու յարաբերութիւններու խորացման. ատոնք կը հենուին Սփիւռքի իրողութիւններու ու փոխակերպումներու, հայկական համայնքներու առանձնայատկութիւններու յստակ բնորոշումներուն վրայ: Այս իմաստով առանցքային տեղ կը գրաւէ համայնքներու իրաւական տարաբնոյթ կարգավիճակներու բնութագիրը` պայմանաւորուած բնակութեան երկրի օրէնսդրութեամբ, որպիսիք են ազգային-կրօնական համայնք, ազգային փոքրամասնութիւն, հասարակական կազմակերպութիւն եւ այլ տարակարգումները: Այս տարբերութիւններու ընդհանուր հենքին վրայ գիրքին մէջ ի յայտ կը բերուին Սփիւռքի կառոյցներու (833 համայնք, 30 հազար կազմակերպութիւններ) բազմատեսակ բնութագիրները, ատոնց տեսակներն ու գործունէութեան իւրայատկութիւնները, որոնք կ’առնչուին արդէն ընդհանուր, համահայկական կառոյցներու ռազմավարական դերակատարութեան` ազգային ինքնութեան պահպանման եւ հայրենիքի հետ կապերու խորացման ասպարէզին մէջ: Այս կերպ աշխատութեան էջերուն վրայ եւ միշտ` շարժման մէջ, ըստ արժանուոյն կը գնահատուին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, դպրոցներու, հայագիտական կեդրոններու, ազգային կուսակցութիւններու, մշակութային, իրազեկման եւ մասնագիտական կառոյցներու մեծածաւալ գործունէութիւնը ազգապահպանութեան խնդիրներու անեզր սահմաններու մէջ: Հեղինակային ոճի միասնականութիւնը աշխատութեան մէջ երբեմն ընդմիջելով գիտական հիմնաւոր առարկութիւններով ու դիտողութիւններով` ընդհուպ մինչեւ մտածուած գործնական առաջարկները: Սփիւռքի հիմնախնդիրներու քննարկման հենքին վրայ Հ. Յակոբեան կը ճշդէ կարծրանալու վտանգ պարունակող որոշ եզրոյթներ` ոչ թէ հայկական սփիւռքներ, այլ անուանումներ` ըստ համայնքներու տեղային կառուցուածքներու, ինչպէս` Ռուսաստանի հայկական համայնք, ԱՄՆ-ի հայկական համայնք եւ այլն: Կամ` պէտք է ձերբազատուիլ տակաւին շրջանառող «Գաղութ» հասկացութենէն` իրաւացի այն առարկութեամբ, որ Սփիւռքի «Համայնքների հիմնական մասում արդէն չորրորդ, հինգերորդ սերունդն է ծնւում, եւ նրանց գաղթական կոչելն այդքան էլ ճիշտ չէ» (էջ 65):
Հեղինակը շարունակ իր մտահոգութիւններու կեդրոնին մէջ կը պահէ Սփիւռքի հիմնախնդիրները եւ որոնց լուծման ուղղուած է այս աշխատութեան ազնիւ նպատակներէն մէկը: Ըստ անոր համոզումին, այդպիսի լուծումներ պայմանաւորուած են եւ արտաքին, եւ ներքին հանգամանքներով, որոնց մէջ ընդհանրական նշանակութիւն ունին Հայաստանի տնտեսական զօրացումը, ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման առաջնահերթութիւնները: Համազգային այս հիմնախնդիրներուն շաղկապուած` հեղինակը կը քննարկէ զուտ Սփիւռքի խնդիրները, ինչպէս «դասական» Սփիւռքին եւ Հայաստանէն մեկնածներուն միջեւ գործակցութեան հաստատման, վերջիններուս համայնքային կեանքին մէջ ընդգրկելու, խառնամուսնութիւններէն հողմածեծ հայ ընտանիքի պահպանութեան, երեխաներու ինքնութեան եւ դպրոցի առջեւ ծառացած դժուարութիւնները, բուն իսկ Սփիւռքի ապակեդրոնացած կացութիւնը եւ այլն: Այս ամէնը, յիրաւի, մարտահրաւէրներ են, որոնց յաջող լուծումներէն կախուած են Սփիւռքի գոյատեւման երաշխիքները: Հեղինակը կը համոզէ, որ այսուհանդերձ, կան այդ երաշխիքներու առարկայացումները, որոնց հիմքին ինկած են համախմբման ուղղուած համազգային ջանքերը եւ հայաստանակեդրոն գործունէութիւնը եւ Սփիւռքի, եւ հայրենիքի մէջ: Կապուած վերոյիշեալին` որոշակիութեան եւ ընդհանրացնող որակներ ունին աշխատութեան այն հատուածները, որոնք կը վերաբերին Սփիւռքի առանձին համայնքներուն` ըստ առանձին աշխարհամասերու եւ առանձին երկիրներու: Փաստական հարուստ տուեալներով եւ ատոնց իմաստաւորմամբ աշխատութեան մէջ կը վերարտադրուին համայնքներու կարգավիճակներուն մէջ շրջանառուող կառոյցներու ու կազմակերպութիւններու գործունէութեան իրական պատկերները, հայերուն ներդրումները ընդունող երկրի մտաւոր եւ մշակութային կեանքին մէջ եւ այլն: Այս եւ յարակից հարցերը հեղինակը կը բացայայտէ իրենց յետագայ զարգացումներուն մէջ` մշտապէս վկայակոչելով փաստեր, ներառեալ եւ քիչ յայտնի փաստեր եւ իրողութիւններ, որոնց վրայ ալ կը հենուի համահայկական մասնագիտական կառոյցներու, կեդրոններու ու մամուլի գործառոյթներու վերաբերեալ հմտալի քննական տեսութիւնը: Սփիւռքահայ հանրային ու ազգային կեանքի առաւել համոզիչ վերարտադրութեան նպատակով հեղինակը նաեւ զուգահեռներ կը գծէ այլազգի սփիւռքներու կառոյցներուն հետ, որ կը տեսնենք հրէական, յունական, թրքական, իռլանտական իրազեկող եւ լոպիստական կառոյցներու հեղինակային համադրման պարագային` նկատի առնելով զուգահեռներէն բխող ճանաչողական որակները ազգային խնդիրներու լուծման ճանապարհին:
Սփիւռքին ուղղուած մարտահրաւէրներու խորքային ուսումնասիրութիւնը հեղինակին կը մղէ ոչ միայն ձեւակերպել ատոնց առանձնայատկութիւնները, այլեւ ատոնց յաղթահարման ուղիներուն ու միջոցներուն վերաբերեալ ընել գործնական առաջարկներ, որմով աշխատութիւնը կը ստանայ ուղենշային ծրագրային բովանդակութիւն: Այսպէս, համայնքներու կազմակերպման ոլորտին մէջ յատկապէս արժէքաւոր են Հ. Յակոբեանի դրոյթները` ուղղուած Սփիւռքի կառուցուածքային զարգացման, համախմբման եւ մարտավարութեան մշակման: Այդպիսիք են Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներու կարեւորումը, հին ու նոր սփիւռքներու սերտաճման որոշակի կառուցակարգերու մշակումը, Հայաստանի եւ Սփիւռքի տեղեկատուական եւ գիտական կեդրոններու համախմբումը` համայնքներու պատմամշակութային արժէքներու բովանդակաւորման ու ժողովրդականացման նպատակով, Հայաստանի ուղղորդող նշանակութեան մշակումը, խոշոր համայնքներուն մէջ համակարգող մարմիններու ստեղծումը եւ այլն: Հեղինակի այս յղացումներու շարքը` այնքան կարեւոր են Սփիւռքի կենսապահովման պահանջներուն համար, կարելի էր շարունակել, բայց բաւարարուինք այսքանով եւ այստեղ ընդգծենք, թէ որքան մեծ նշանակութիւն կու տայ հեղինակը մայր երկրին` իբրեւ այդ կենսապահովման ամենահզօր պատուարի:
Աշխատութեան մէջ լայն հենքով ներկայացուած են Սփիւռքի թանգարաններն ու գրադարանները եւ աննախընթաց մեծ ծաւալներով արժէքաւորուած` տասնեակ այդպիսի մշակութային օճախներ, իրենց պատմական ու կրօնական հաւաքածուներով, ոչ սակաւ դէպքերու մէջ եզակի եւ անկրկնելի`ձեռագիրներէ մինչեւ դրամներ, մանրանկարներէ մինչեւ կերպարուեստի հին եւ ժամանակակից գոհարներ եւ այլն: Այս իմաստով դարձեալ գործնական հնչեղութիւն ունին հեղինակի առաջարկները` հայկական եւ օտար թանգարաններու ամփոփած հոգեւոր գանձերը հետազօտելու եւ միջազգային հանրութեան ծանօթացնելու ուղղութեամբ: Այս առումով հեղինակը կ’անդրադառնայ հայագիտական կեդրոններու գործունէութեան համազգային ընգրկումներու կարեւորութեան` ուշադրութեան կեդրոնին պահելով նաեւ հայերու եւ այլ ազգերու միջեւ հոգեւոր կապերու ամրապնդման: Սփիւռքահայ մամուլին ըրած ընդարձակ անդրադարձներուն եւս Հ. Յակոբեան յաջողած է ցոյց տալ միասնական գործողութիւններու ուղղութիւնները, ազգանպաստ իրազեկման առաջնահերթ նշանակութիւնը` նորօրեայ բարձր արհեստագիտութիւններու կիրառմամբ:
Աշխատութեան երկրորդ գլխուն մէջ կը քննարկուի Հայաստանի եւ Սփիւռքի առջեւ ներկայիս ծառացած մարտահրաւէրներու հիմնահարցը, ուր հեղինակի պատկերացումներն ու մտահոգութիւնները կը ստանան ամբողջական տեսք, որ չափով այդ մարտահրաւէրները սերտօրէն կ’աղերսուին մէկը միւսին` արդէն իսկ պայմանաւորուած է իրարմով: Հեղինակը կը ձեւակերպէ ատոնց լուծումներու առաջնահերթութիւնները` կապուած Հայաստանի պետական կառավարման համակարգի զարգացման, քաղաքական ու տնտեսական բնոյթի խոչընդոտներու յաղթահարման, արտագաղթի դէմ արդիւնաւէտ միջոցներու կիրառման, քաղաքացիական հասարակութեան աշխուժացման, Սփիւռքի ներուժն օգտագործելու եւ այլնի հետ: Համահայկական դիմակայութիւներու մէջ հեղինակը կարեւոր կը համարէ նաեւ թուրք-ատրպէյճանական մարտնչող քաղաքականութեան մերկացումը ի հակակշիռ այդ քաղաքականութեան հետամտած` բանակցային գործընթացքի ձախողման եւ տարածաշրջանային ապակայունացման: Հեղինակն ուշադրութիւն կը հրաւիրէ հայկական իրողութիւններու վրայ ներազդող նոր երեւոյթներուն, այն բանին, որ նորայայտ մարտահրաւէրները կը պահանջեն նոր մօտեցումներ եւ որ բազմաբեւեռ դարձած աշխարհը նոր կնճիռներ կը յարուցէ սփիւռքահայ կեանքի անհանգիստ մակերեսին` խորքերուն մէջ պահելով առաւել ահագնացող վտանգներ: Այդպիսիք, ինչպէս ցոյց կու տայ հեղինակը, ի յայտ կու գան Սփիւռքի ներքին տեղաշարժերու, տարանջատումներու եւ այլնի ձեւով, որոնց կը միանայ մէկ այլ անխուսափելի դժուարութիւն` ընդունող երկրի եւ Հայաստանի տնտեսական ու քաղաքական շահերու անհամապատասխանութիւնը եւ այս պայմաններուն մէջ` Հայաստանի եւ Սփիւռքի ճիշդ կողմնորոշուելու խնդիրը: Հեղինակի մօտեցումները առաւել որոշակի կը դառնան, երբ ան կանգ կ’առնէ առանձին երկիրներու համայնքներու իւրայատկութիւններուն վրայ: Այս տեսակէտէն համակողմանի քննութեան առնուած են հայկական համայնքի իրողութիւնները Թուրքիոյ մէջ, ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով թրքական ժխտողականութիւնը, որուն դէմ անզիջում պայքարը գիրքին մէջ իրաւամբ կը ձեւակերպուի որպէս հայութիւնը միաւորող գործօն: Այստեղ կը նշուին դիմակայութեան առաջնային ասպարէզները` կրթական (հայկական դպրոցներու թուաքանակի նուազումը Սթամպուլի մէջ), լեզուի եւ խառնամուսնութիւններու տագնապահարոյց վիճակը, Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան անգլուխ կացութեան յարատեւումը, բռնի իսլամացած հայերու խնդիրը:
Աշխատութեան մէջ կը բացայայտուին ոչ միայն նոր տեսքով փոխակերպուած պատմական կամ աւանդական, այլեւ իրաւական բնոյթի մարտահրաւէրներ` յատկապէս հայութեան պատմամշակութային ժառանգութեան իրաւական կարգաւորումներու ասպարէզին մէջ: Հայկական ունեցուածքի եւ գոյքի ժառանգութեան հիմնախնդիրներուն մէջ Հ. Յակոբեան մատնացոյց կ´ընէ կտակներու իրաւական կարգաւորման առանձնայատկութիւնները` ըստ տուեալ երկրի օրէնսդրութեան ու միջազգային իրաւունքի եւ ատկէ կը բխի արդիական հնչեղութիւն ստացած իր եզրակացութիւնը. ի տարբերութիւն երբեւէ` ազգային կտակները վերադարձնելու փորձերուն, այսօր ատոնք պէտք է շարունակուին Հայաստանի պետականութեան պայմաններուն մէջ, երբ պետութիւնն ինք կը ստանձնէ իրաւատիրոջ դերակատարութիւնը` իբրեւ ազգ-ժառանգորդի միակ ներկայացուցիչ: Հեղինակն այս խնդիրը կը քննարկէ զուսպ եւ համոզիչ` միջազգային իրաւունքի կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ եւ որուն արդարացի հետեւանքները կ´ակնկալուին նիւթական, այլեւ հոգեւոր ասպարէզի մէջ, իբրեւ պատմական յիշողութեան վերականգնում եւ վարքագիծ ներշնչող գործօն:
Աշխատութեան երկրորդ գլխուն աւարտը, որպէս նախընթաց շարադրանքէն բխող հարցադրումներու շարունակութիւն, նուիրուած է հայ ինքնութեան հիմնահարցերուն: Հեղինակն այդ ինքնութիւնը պահպանող հիմնասիւները կը համարէ իր հայեցակարգային մօտեցումներուն մէջ արծարծուած եւ ատոնք միաւորող մեկնակէտերը` ազգային լեզուն եւ դպրոցը, հայ ընտանիքն ու բարքերը, մշակոյթը եկեղեցին եւ պատմական յիշողութիւնը: Սփիւռքի ինքնութեան ամրապնդման խնդիրները հեղինակին կը մղեն իրական վտանգները գնահատող ընդհանրացուած եզրակացութիւններու` համայնքներուն մէջ հայերէնի գործածութեան սահմանափակումներէն մինչեւ հաղորդակցութեան միջոցի գործառոյթի վերացում, ազգային դպրոցի քանակական ու որակական տեղատուութիւնները օտար դպրոցներու առջեւ, զուտ հայկական ընտանիքներու քանակի նուազեցման արդէն ոչ թէ թատերական, այլ աղէտալի պատկերը եւ այլն: Վերջին պարագային կը մէջբերուին համոզիչ տուեալներ` Լատինական Ամերիկայի մէջ խառնամուսնութիւնները հասած են 70-80, Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ` շուրջ 60 տոկոսի (էջ 363), ուծացման ահեղ երեւոյթ, որ առաւել ճարակներ կ´ընէ քրիստոնէական երկիրներու մէջ եւ որուն արմատներն իրենց զգացնել կու տային դեռեւս միջնադարեան հայ գաղթօճախներուն մէջ: Այս եւ այլ կարգի անձկութիւններուն Հ. Յակոբեան կը հակադրէ ազգային մշակոյթի եւ հոգեւոր կառոյցներու հակազդող նշանակութիւնը, յատկապէս հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու միասնական գործունէութեան հնարաւորութիւնները:
Սփիւռքի զօրացումը բուն իսկ Հայաստանի զօրացումն է միանգամայն, եւ այս տեսակէտը հեղինակը կ´ամրապնդէ «Սփիւռքի ներդրումները» հատուածին մէջ: Սփիւռքն ի յայտ կը բերէ իր կէսունակութիւնը հայրենիքի հետ ունեցած բոլոր յարաբերութիւններուն մէջ, ներառեալ եւ անոր տնտեսական վերաշինութեան բնագաւառին մէջ: Հայաստան-Սփիւռք տնտեսական կապերու առկայ կացութիւնն ու հեռանկարները գիրքին մէջ կը քննարկուին նիւթին համապատասխան լուրջ վերլուծութեամբ` բնորոշելով ներդրումներու տեսակներն ու շրջանառութեան ոլորտները, իրաւական, հոգեբանական ու բարոյական բնութագիրներու նշանակութիւնը:
Քաղաքագիտական վերլուծութեան եւ կշռադատուած ծրագիրի համադրում պէտք է համարել աշխատութեան վերջին գլուխը` Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ոլորտին մէջ պետական քաղաքականութեան վերաբերեալ: Այստեղ ի մի կը բերուին հայրենիք-սփիւռք կապերու զարգացման խնդիրները` պատմական հենքի վրայ` ընդհուպ ատոնց որակական ու արդիական նոր պատկերը` Հայաստանի Երրորդ հանրապետութեան հռչակումէն ի վեր: Հեղինակը կը շեշտադրէ այդ նոր փուլի սահմանադրական մակարդակը` համարժէք գործնական դրսեւորումներով, որ ինկած է այդ գործակցութեան հայեցակարգի (2009 թ.) մշակման հիմքին մէջ: Հեղինակը, որ, ի դէպ, կը ղեկավարէ Սփիւռքի նախարարութիւնը ատոր ստեղծման ժամանակէն առ այսօր, փորձի եւ իրազեկութեան համոզչութեամբ կը բնութագրէ այդ կառոյցը, որպէս պետական կառավարման մարմնի առանձնայատկութիւնները, որոնք կը բխին հայրենիք-սփիւռք գործակցութիւնը իմաստաւորող` փոխըմբռնման եւ իրաւահաւասարութեան սկզբունքներէն: Հեղինակը կը փաստէ այդ սկզբունքներու արդիւնաւէտութիւնը ծրագիրներու ու գործելակերպի ներդաշնակութեան պայմաններուն մէջ («Արի տուն» ծրագիրը, «Իմ Հայաստան», «Կոմիտաս» փառատօները, «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը եւ այլն): Յիրաւի, Սփիւռքը` հայութեան այդ խոշորագոյն հատուածը, հեղինակի դիպուկ սահմանմամբ` իր «Բազմաշերտ, բազմադէմ, բազմալեզու, բազմակարծիք եւ բազմակարիք» (էջ 427) նկարագրով մեր առջեւ կը յառնի նշուած գործակցութեանն անհրաժեշտ անհատական ու հանրային, քաղաքական, տնտեսական ու մշակութային եւ այլ հիմքերով, անհատնում եւ առօրէական աշխատանքի պարտադրանքով: Հեղինակը լիովին կը համոզէ, որ այդ աշխատանքը լրջագոյն փորձութիւն է եւ հայրենիքի, եւ Սփիւռքի համար եւ որուն ազգովին յաղթահարումներէն կախուած է եւ մէկուն, եւ միւսին կէսագործունէութեան յաջողութիւնը, այլ կերպ` հայ ազգային ինքնութեան ապահովումը:
Գրախօսուող աշխատութեան անկեղծութիւնը, հեղինակի դրոյթներու գիտականութիւնն ու գործնական արժէքը կը խորանան վիճակագրական տուեալները խմբաւորող յոյժ արժէքաւոր աղիւսակներով, որոնք կ´արտացոլեն Սփիւռքի իրական կացութիւնը եւ հայրենիքի հետ անոր փոխյարաբերութիւններու բազմաթիւ ոլորտները:
Աշխատութիւնը գրուած է հեղինակի առաջադրած հիմնահարցերն ու դրոյթները անբռնազբօս ձեւակերպող` յղկուած ու արտայայտիչ հայերէնով, որ կը համապատասխանէ նիւթին ու ատոր կատարման գիտագործնական բնոյթին: Կարելի էր, այս ամէնուն հետ մէկտեղ եւ կատարուած վիթխարի աշխատանքը նկատի առնելով հանդերձ, ինչ-ինչ դիտողութիւններ ընել որոշ ենթագլուխներու հերթականութեան կամ ձեւակերպումներուն առթիւ, բայց ատոնք ունին ընդամէնը փանաքի տեղ` այս աշխատութեան նշանակութեան առջեւ: Հայկական Սփիւռքին նուիրուած` Հ. Յակոբեանի աշխատութիւնն ունի ճանաչողական եւ ծրագրային անհերքելի արժէք եւ իր այս յատկութիւններուն շնորհիւ իրաւամբ կը յաւակնի Սփիւռքին նուիրուած հանրագիտական աշխատութեան բոլոր արժանիքներուն: Այն լուրջ ներդրում է սփիւռքագիտութեան եւ մասնաւորապէս հայ սփիւռքագիտութեան բնագաւառին մէջ եւ հէնց բազմալեզու սփիւռքին ուղղուած իր մասնաւոր նշանակութեամբ կ´առաջադրէ եւրոպական եւ արեւելեան լեզուներով թարգմանուելու հասկնալի անհրաժեշտութիւնը:
ԽԱՌԱՏԵԱՆ Ա.
ՀՀ ԳԱԱ ԹՂԹԱԿԻՑ ԱՆԴԱՄ
11.09.17