Պարգեւատրում Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

Սեպտեմբեր 6-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ հիւրընկալուեցաւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան կրկնակի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան եռակի վեթերան անդամ, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի շրջանային վարչութեան անդամ Երուանդ Տէմիրճեանը:

Հանդիպման ներկայ էին Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, ՌԱԿ պատուիրակութեան անդամներ` Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Լեւոն Պլխեան, «Ռուբէն Հերեան» ակումբի նախկին ատենապետ Տիգրան Չալեան, «Էօժէն Փափազեան» ակումբի վարչութեան անդամ Անի Չալեան, Հալէպի շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Կարապետ Շուշանեան, «Ռուբէն Հերեան» ակումբի անդամ, «Միրաք» պարախումբի պատասխանատու Ճորճ Տէմիրճեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեքսան Գարատանայեան, Հալէպի շրջանային վարչութեան անդամներ Թօնի Պագալեան եւ Ենովք Աճոյեան:

Ներկաներուն փոխանցելով Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը` Սերժ Սրապիոնեան բարձր գնահատեց Երուանդ Տէմիրճեանի երկարամեայ գործունէութիւնը: «Անգնահատելի է Ձեր մշակութային եւ կուսակցական բեղուն, նուիրական աշխատանքը, Ձեր ներդրումը Հալէպի հայ համայնքի կեանքում: Դուք դեռեւս 1965 թուականին դարձել էք Հալէպի Թէքէեան մշակութային միութեան անդամ` լինելով հիմնադիր վարչութեան ներկայացուցիչներից մէկը: Չեմ կարող չյիշատակել նաեւ այն փաստը, որ ՀԲԸՄ 60 տարուայ անդամութեան տարիների ծաւալած գործունէութեան համար դեռեւս վերջերս պարգեւատրուել էք եռակի վեթերանութեան մետալով: Վերջին 6 տարիներին ընթացող սիրիական պատերազմի այս դժուար օրերին Հալէպի գաղութում շարունակել էք Ձեր նուիրեալ կուսակցականի առաքելութունը` յոյս եւ կորով ներշնչելով պատերազմի բովով անցնող մեր հայրենակիցներին»,-դիմելով Երուանդ Տէմիրճեանին` նշեց Սերժ Սրապիոնեան:

Այնուհետեւ նախարարի տեղակալը հայապահպանութեան  գործին մէջ առանձնայատուկ  ծառայութիւններու, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի  միջեւ գործուն կապերն ամրապնդելու, հայ համայնքներու գիտական, կրթական եւ  մշակութային խնդիրներու լուծման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան   զարգացման ծիրէն ներս մեծ աւանդի համար Երուանդ Տէմիրճեանին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւքի նախարարութեան «Պօղոս Նուբար» մետալով:

 

Scroll Up