Արցախի «Սօսէ» Մանկապարտէզը Պիտի Դառնայ Իւրօրինակ Եկեղեցի, Որուն Քահանան Հայ Կինը Պիտի ըլլայ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/09/սոսե.jpg)
Արցախի ազատագրական պատերազմի օրերուն հիմնուած ՀՕՄ-ի Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզն այսօր իր նոր շէնքի դռները բացաւ հարիւրաւոր սաներու առջեւ:
ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է բոլոր անոնց, որոնք մասնակցած են այս հայրենանուէր նախաձեռնութեան իրականացման` մեր ժողովուրդի հոգերով ապրելու, հայրենիքին միշտ օգտակար ըլլալու պատրաստակամութեան համար:
«Արցախի նախադպրոցական հաստատութիւններու շարքում կարեւոր դերակատարութիւն ունի «Սօսէ» մանկապարտէզների ցանցը, որը հիմնադրուել է Սփիւռքի մեր հայրենակիցների ջանքերով եւ հանդիսանում է Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան իւրայատուկ մի խորհրդանիշ»,- ըսած է Բակօ Սահակեան:
Հազարաւոր հայեր աշխարհի ամենատարբեր անկիւններէն մէկտեղուած են ընդհանուր նպատակի շուրջ` ստեփանակերտցի երեխաներուն յարմարաւէտ ու գեղեցիկ մանկապարտէզ նուիրելով: Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան օրհնած է նորակառոյց մանկապարտէզը եւ հանդէս եկած ելոյթով.
«Այս նորակառոյց շինութիւնը պէտք է դառնայ մեր մանուկների համար օճախ, որտեղ նրանք պէտք է ստանան հայեցի դաստիրակութիւն եւ հասակ առնեն հաւատքի եւ հայրենասիրութեան մէջ: Մեր ազնիւ ու նուիրեալ ՀՕՄ-ուհիները կեանքի կոչեցին այս գեղեցիկ ծրագիրը, որը նման է եւս մի ռազմավարական բարձունքի նուաճմանը: Աստուած յաւերժ օրհնի ՀՕՄ-ուհիներին, մեր մանուկներին ու դաստիարակներին, մեր հայրենիքն ու ազգին»,-ըսած է Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան:
Մանկապարտէզի նոր շէնքի բացման արարողութեան ժամանակ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Քարոլին Շմաւոնեան իր ելոյթին մէջ նշած է, որ մանկապարտէզի նոր շէնքի կառուցումը հիմնաքար է հայոց պատմութեան էջերուն մէջ եւ իր դռները կը բանայ իբրեւ կոթող:
«Հայ ազգի ամենաթանկագին գանձերը մեր մանուկներն են` մեր պատմութեան, մշակոյթի եւ ինքնութեան գոյատեւման իրականացումը երաշխաւորող անփոխարինելի գրաւականը: Այս խոր համոզումով եւ նուիրումով առաջնորդուած ՀՕՄ-ը 107 տարի շարունակ մայրական հոգատարութեամբ նուիրուած է մատաղ սերունդի հայեցի դաստիրակութեան»,- ըսած է Քարոլին Շմաւոնեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՕՄ-ի պատասխանատու Յակոբ Տէր-Խաչատրեան, դիմելով աշխարհի տասնեակ երկիրներէ Արցախ ժամանած ՀՕՄ-ուհիններուն, նշած է, որ ՀՕՄ-ը իր գործունէութիւնը սկսած է հայոց պատմութեան ամենաճակատագրական պահուն եւ ստանձնած օգնութեան խաչ ըլլալու պատասխանատուութիւնը:
«Որպէս ՀՅ Դաշնակցութեան քոյր կառոյց, ՀՕՄ-ը թիկունք կանգնած է հայ ժողովուրդին եւ պատուով կատարած իր գործը: Արցախի գոյամարտի առաջին օրերէն ներկայ էիք Արցախի մէջ` տարբեր ծրագիրներով, որուն արգասիքն է այսօր «Սօսէ» մանկապարտէզներու ցանցը: Արցախ ոչ միայն պէտք է գոյատեւէ, այլ բարգաւաճի, ընդարձակուի եւ միանայ Հայաստանին»,- ըսած է Յակոբ Տէր-Խաչատրեան եւ յաղթական երթ մաղթած ՀՕՄ-ի կառոյցին:
Օրինակելի իր մտայղացմամբ, թանկ` բովանդակութեամբ ու անունով ՀՕՄ-ի Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզն այսուհետ քաղաքի զարդերէն մէկը պիտի ըլլայ: Մանկապարտէզի վերաշինութեան յանձնախումբի ատենապետուհի Անժէլ Մանուկեան դիմելով ձեռնարկի ներկաներուն նշած է, որ ՀՕՄ-ը յաւիտեան կապուած կը մնայ հայրենի հողին եւ հայ ժողովուրդին հետ.
«Որպէս հայ մայր, որպէս ՀՕՄ-ուհի, բարոյական պարտականութիւն ունիմ ծառայելու հայրենիքին եւ անոր զաւակներուն: Արցախն իր ազատագրուած տարածքներով յաւիտեան պէտք է մնայ միաձուլ»,-շեշտած է Անժէլ Մանուկեան:
ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհիի պարտականութիւնները ստանձնած Ռուզաննա Աբրահամեան, դիմելով ներկաներուն, շեշտած է.
«Սօսէ մանկապարտէզը պիտի դառնայ իւրօրինակ եկեղեցի, որուն քահանան հայ կինը պիտի ըլլայ: Եթէ հայ կինը կրնայ այսպիսի շքեղութիւն կերտել, ապա ինչեր կրնայ ընել մեր այրերը»,- նշած է Ռ. Աբրահամեան եւ ընդգծած, որ այս շէնքէն դուրս պիտի գան նպատակասլաց եւ գիտութեան ու աշխատանքին նուիրուած սերունդներ:
Լուսինէ Թեւոսեան
http://aparaj.am