Տեղի Կ’ունենայ Ստեփանոս Երէցի «Հանգիտագիրք» Պատմագիրքի Գրաբար Բնագիրի Եւ Աշխարհաբար Փոխադրութեամբ գիրքի Շնորհանդէսը
Սեպտեմբեր 7-ին, ժ.14:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Մաշտոցի անուան Մատենադարանի եւ Թեհրանի Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան համագործակցութեամբ Մատենադարանի նիստերու դահլիճին մէջ տեղի կ’ունենայ Ստեփանոս Երէց Հազարջրիբեցիի (18-րդ դար) «Հանգիտագիրքի» շնորհանդէսը (հասցէ` Մաշտոցի պողոտայ 53, նոր մասնաշէնք, 3-րդ յարկ):
Բնագիրը պատրաստած եւ աշխարհաբարի փոխադրած են Մատենադարանի աւագ գիտաշխատողներ Թամարա Մինասեան եւ Լուսինէ Թումանեան: Յառաջաբանը գրած է պ.գ.դ., իրանագէտ Վահան Բայբուրդեան: Գիրքը հրատարակուած է Թեհրանի «Ալիք» տպարանին մէջ` Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը մասնակիցներուն կը փոխանցէ նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան:
Ձեռնարկին կը մասնակցին Հայաստանի մէջ ԻԻՀ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ն.Գ. պարոն Սեյետ Քազեմ Սաջատը, ՀՀ ԿԳ նախարար Լեւոն Մկրտչեան:
Զեկուցումներով հանդէս կու գան Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Վահան Բայբուրդեան, ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան, ՀՀ ԳԱԱ Գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան, ԵՊՀ հայ գրականութեան պատմութեան ամպիոնի վարիչ Սամուէլ Մուրադեան, Արուեստի պատմութեան եւ գրչութեան կեդրոններու ուսումնասիրման բաժինի վարիչ Կարէն Մաթեւոսեան եւ այլք:
Ստեփանոս Երէց Հազարջրիբեցիի «Հանգիտագիրք»-ի բնագիրի եւ աշխարհաբար փոխադրութեան ամբողջական հրատարակութեամբ առաջին անգամ շրջանառութեան մէջ կը մտնէ երկ մը, որ կարեւոր սկզբնաղբիւր է իրանահայ գաղթօճախի, յատկապէս Փերիա, Բուրվառ, Նոր Ջուղա գաւառներու պատմութեան եւ ընդհանրապէս Իրանի ուշ միջնադարի պատմութեան ուսումնասիրման համար: Ստեփանոս Երէց Հազարջրիբեցիի Պատմութեան ժամանակագրական սահմանները կ’ընդգրկեն 1665-1789 թուականները: