ՀՀ Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց «Դուն Ի՞նչ Կ’ընես Արցախի Համար» Շարժման Ծիրէն Ներս Հայաստան Ժամանած Գանատայի Հայ Համայնքի 30 Ներկայացուցիչները

Օգոստոս 29-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» շարժման ծիրէն ներս Հայաստան ժամանած Գանատայի հայ համայնքի 30 ներկայացուցիչները` «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի գլխաւորութեամբ:

Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը` Սփիւռքի նախարարը կարեւոր համարեց Գանատայի հայ համայնքի համագործակցութիւնը նախարարութեան հետ, որուն արդիւնքով համայնքը շարունակաբար իր աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ Արցախի Հանրապետութեան թէ՛ Պաշտպանութեան բանակին, թէ՛ բժշկական հիմնարկներուն եւ թէ՛ սահմանամերձ գիւղերու բնակչութեան: Ան նշեց. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, շնորհակալ եմ, որ արձագանքեցիք շարժմանը միանալու մեր կոչին եւ այսօր Հայաստանում էք, աւելին, շուտով կը մեկնէք Արցախ եւ այնտեղ կը նշէք մեր երկրորդ Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձը: Գանատահայ համայնքը միշտ ակտիւ մասնակցում է Սփիւռքի նախարարութեան բոլոր ծրագրերին: Ձեզանից ամէն մէկն իր մասնակցութիւնն է բերում Արցախի զարգացման եւ շէնացման գործին: Եթէ 18-ամեայ մեր երիտասարդներն իրենց արեան գնով պաշտպանում են մեր սահմանները, ապա մենք էլ պարտաւոր ենք աջակցել նրանց ու նրանց ընտանիքներին, որպէսզի հնարաւորինս բարեկեցիկ եւ ապահով ապրեն»:

Սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Վահագն Գարագաշեանին` գանատահայերու այցը Հայրենիք կազմակերպելու համար:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծեց, որ մեր զինուորներուն կողմէ առանձնակի ոգեւորութեամբ ընդունուած են Սփիւռքի  ու նաեւ Գանատայի մէջ ապրող հայ մանուկներուն նամակները` ուղղուած իրենց:

«Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» շարժման աշխոյժ մասնակցութեան համար նախարարը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրներ յանձնեց գանատահայեր Գրիգոր Տէր-Ղազարեանին, Վարուժան Մանճեանին, Գրիգոր Գույումճեանին, Լեւոն Պենկեանին, Օհան Տաբակեանին եւ Վարդի Դանիէլեանին:

Այնուհետեւ շնորհակալական խօսքով հանդէս եկան պարգեւատրուած գանատահայերը եւ նշեցին, որ իրենց համար այս շրջագայութիւնն առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի: Օհան Տապակեան ընդգծեց, որ յուզումի եւ հպարտութեան բացառիկ պահեր  կ’ապրի` տեսնելով օրէ որ զարգացող ու գեղեցկացող Երեւանը: Վարդի Դանիէլեան աւելցուց, որ կ’ուզէ ձեռք բերել Հայաստանի քաղաքացիութիւն եւ իր սեփական տունը ունենալ Հայրենիքի մէջ: Լեւոն Պենկեան նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին հաւաստիացուց, որ գանատահայ համայնքը սիրով կը մասնակցի նախարարութեան բոլոր ծրագիրներուն: Վահագն Գարագաշեան նշեց. «Տիկի՛ն Յակոբեան, շնորհակալ ենք, որ գնահատեցիք մեզի եւ աջակցեցաք Հայաստան եւ Արցախ մեր այս տարուան շրջայցը կազմակերպելուն»:

Հանդիպման աւարտին ներկաները դիտեցին նախարարութեան ծրագիրներուն մասին պատմող տեսանիւթ:

Scroll Up