Լեհաստանէն, Թուրքիայէն Եւ Ռուսաստանէն Ժամանած Արիտունցիները
«Արի տուն-2017» ծրագիրի ծիրէն ներս Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարան, Գառնիի տաճար, Գեղարդավանք այցելած արիտունցիները` տպաւորուած այցելութիւններէն, «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցին փոխանցած են իրենց զգացողութիւնները:
«Վերջին անգամ Հայաստան եկած եմ 10 տարի առաջ , շատ տպաւորուած եմ, հայրենիքս շատ հաւնած եմ: Ծրագիրին առաջին անգամ կը մասնակցիմ, շատ հաճելի օրեր կ’անցնենք, անկեղծ ըսեմ չէի պատկերացներ, որ այսքան լաւ ժամանակ պիտի անցնենք»,-ըսաւ Լեհաստանէն ժամանած Սիւզաննա Տագէսեանը:
Թուրքիայէն եկած մեր հայրենակից Արտէն Արսլանը շատ հաւնած է Երեւանի կեդրոնը. «Շատ գեղեցիկ տեսայ հայրենիքս, սպասումներս արդարացան, այցելեցինք Սարդարապատի յուշահամալիր, որ հոգիիս հարազատ զգացի: Լաւ ժամանակ կ’անցնենք, նոր ընկերներ ձեռք բերած եմ: Պոլսոյ մէջ կը յաճախեմ հայկական դպրոց: Գիտէք, դժուար է ապրիլ թուրքերու հետ, բայց արդէն ժամանակի ընթացքին որոշ հարցերու մէջ ընդհանուր լեզու գտած ենք: Անոնց մէջ կան շատերը, որոնք մեզի լաւ կը վերաբերին: Ի հարկէ կան նաեւ հակառակը մտածող մարդիկ»:
Կարէն Բարխուդարեան հայրենիք եկած է Ռուսաստանի Դաշնութենէն. «Հայաստան առաջին անգամ չէ որ կու գամ, ընտանիքիս հետ ամէն տարի կու գանք, սակայն «Արի տուն» ծրագիրին առաջին անգամ կը մասնակցիմ, եւ շատ լաւ ժամանակ կ’անցնենք: Նորութիւն էր ինծի համար Հայկական վիրթուալ համալսարան այցելութիւնը, որն ինծի շատ հետաքրքրեց»:
Արփի Պետրոսեան
Լուսանկարները` Մայա Ավետիսյանի