Դամասկոսի Ցուցահանդէսին Կը Շարունակուի Ներկայացուիլ Հայկական Արտադրանքը

Դամասկոսի ցուցահանդէսին հայ դիւանագէտները կը շարունակեն ներկայացնել հայկական արտադրանքը, ներդրումային քաղաքականութիւնը, չնայած օգոստոս 21-ին ցուցահանդէսի տարածքին մէջ տեղի ունեցած հրթիռակոծութեան:
Այս մասին կը տեղեկացնէ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան Twitter-ի պաշտօնական էջը:
Օգոստոս 21-ին Դամասկոսի ցուցահանդէսի տարածքի հրթիռակոծութեան հետեւանքով հայ դիւանագէտներ չեն տուժած: Օգոստոս 20-ին Դամասկոսի մէջ բացուած միջազգային ցուցահանդէսին կը մասնակցի 43 երկրի ներկայացուցիչ, ներառեալ` Ռուսաստանի, Չինաստանի, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Մեծ Բրիտանիոյ, Պելառուսի եւ այլ երկիրներու ներկայացուցիչներ: Ձեռնարկին կը մասնակցէր նաեւ Հայաստան, որուն տաղաւարը կը ներկայացնէր Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը` ՀՀ առեւտրաարդիւնաբերական պալատի եւ Հայ-սուրիական գործարար խորհուրդին հետ համագործակցութեամբ:
Աւելցնենք, որ վեց մարդ մահացած է ցուցահանդէսային գօտիի հրթիռակոծութենէն: