Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի աշակերտները՝ հիւրընկալ հայրենիքի գիրկը
«Զաւակներն ենք քո իմ սուրբ հայրենիք,
Ժառանգներն ենք քո, քո օրն ենք գալիք,
Պատուով կը կերտենք մեր անունն հայի,
Հայաստան աշխարհ, տուն մեր հայրենի:»
Լիանա Յարութիւնեան
«ԱՐԻ ՏՈՒՆ» ծրագիրը յաջողութեան իր մեկնարկը սկսաւ 2009-ին: Անոր հիմնական նպատակներն են սփիւռքահայ երիտասարդներու ծանօթութիւնը Հայաստանի պատմութեան, մշակոյթին, հասարակական կեանքին, հոգեւոր եւ ընտանեկան աւանդոյթներուն: Հայրենիքի հետ ամուր կապերու ձեւաւորման նպաստում, ազգային ինքնութեան ամրապնդում, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ ջերմ յարաբերութիւններու հաստատում: Սոյն մեծ ծրագիրը կը ներառէ այցելութիւններ Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր, համերգներ, փառատօններ, ցուցահանդէսներ, թատերական ներկայացումներ, հայոց լեզուի, գրականութեան, պարարուեստի, հայոց պատմութեան եւ եկեղեցական աւանդոյթներու ուսուցում: Արդարեւ, անոր կարեւոր բաղադրիչն է շփումը Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարեկից հայորդիներու, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ պետական եւ հասարակական ակնառու գործիչներու հետ:
Ինչ հրաշալի զգացում է, երբ առաջին անգամ ըլլալով վարժարանիս 7 աշակերտներ՝ Սէրլի Պետիկեան, Փիթըր Մուրատեան, Պերնար Քաթիպեան, Մարիանա Տէօլտուրեան, Յովիկ Չաւուշեան, Դալար Գէորգեան եւ Սառա Յակոբեան իրենց առաջնորդ Օրդ. Սեդա Պագգալեանին հետ ոտք կը դնեն մայր հայրենիքի օրհնաբեր հողին վրայ, մասնակցելու համար ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Արի Տուն» ծրագիրին, որ 8-րդ տարին ըլլալով անվերապահօրէն եւ մեծ ջանքերով կիրականացնէ հայրենաճանաչութեան ծրագիրը:
Դպրոցական գրասեղաններուն առջեւ, երբ աշակերտները կը ծանօթանան հայրենիքի պատմամշակութային կոթողներու, ճարտարապետութեան, գրական անձնաւորութիւններու, հայ գիր ու գրականութեան, երաժշտութեան, հայրենի չնաշխարհիկ բնութեան, եւ այլ վայրերու մասին, որմէ ետք հրաշալի օր մը իրական գետնի վրայ շօշափելու, ապրելու եւ վայելելու զանոնք… ինքնին անբացատրելի զգացումներ են:
«Արի Տուն» երիտասարդութեան հայրենաճանաչութեան ծրագիրը յագեցած էր բազմաբովանդակալից միջոցառումներով, այցելութիւններով ու ճամբարային կեանքով 14 երկարող օրերու վրայ` Յուլիս 30էն մինչեւ Օգոստոսի 12ը: Վարժարանիս մասնակից աշակերտները հիւրնկալուելով Քանաքեռաւանի տեղաբնակ հայրենի ընտանիքներու կողմէ, ծանօթացան անոնց նիստ ու կացին, աւանդութիւններուն, որոնք որոշ չափով նման էին սփիւռքահայու ապրելակերպին եւ աւանդութեանց:
Այցելելով պատմամշկութային վայրեր՝ Երեւանի պատմութեան թանգարան, ծանօթանալով Երեւան քաղաքի հարուստ պատմութեան, Օշական գիւղի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի Եկեղեցին ու անոր ներքնայարկը գտնուող Մաշտոցի դամբարանը, որուն մէջ ամփոփուած է Սուրբին աճիւնը, Մուղնի գիւղին մէջ 10-րդ դարու կառուցուած, ապա 17-րդ դարուն վերանորոգուած Սուրբ Գէորգ Եկեղեցին՝ իր իւրայատուկ ճարտարապետութեամբ. անկրկնելի հոգեպարար այցելութիւններ էին ու վերազարթնող տպաւորութիւններ:
Յաջորդաբար այցելութիւնները կեդրոնացան շարք մը պատմամշակութային վայրերու, ինչպիսին՝ Սարդարապատի յուշահամալիրը ու անոր տարածքին մէջ գտնուող Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանը, որ ինքնին փառաւոր զգացում էր, փառաւոր յաղթանակն էր ջարդարար թուրքին դէմ, որուն մէջէն աշակերտները զգացին հայոց յաղթանակը, հայրենիք մը կերտելու տենջը, որ սկսաւ 1918-ի Մայիս 28-ով: Ապա, այցելութիւն տուին ու լուսաւորուեցան Մայր Աթոռ սուրբ Էջմիածինի մայր տաճարի կառոյցով ու ապրեցան առաջին քրիստոնեայ ազգ ըլլալու պատիւը, զգալով Գրիգոր Լուսաւորիչի տեսիլքի ոգին ու քրիստոնէակեդրոն կառոյցի խորհուրդով: Ապա Զուարթնոց Տաճարի աւերակները ու անոր յարակից թանգարանին մէջ ծանօթացան պատմական վայրի ճարտարապետութեան ու պեղուած նիւթերու մասին:
Յատուկ եռանդով եւ հայրենաճանաչութեան ծարաւով անյագ, մեր աշակերտները այցելութիւններ տուին ՀԲԸՄ-Ի (վիրտուալ) Հայկական առցանցային համալսարանը, Մեսրոպ մաշտոցի անուան ձեռագրերու Մատենադարանը, ուր ծանօթացան աւելի քան 17000 հնագոյն հայերէն եւ օտարալեզու ամբողջական ձեռագիրներու, ձեռագիր պատառիկներու, ձեռագիր ու գրչագիր մատեաններու եւ այլ նիւթերու: Այցելեցին Գառնիի հեթանոսական տաճարը, Գեղարդավանքը, խոր Վիրապը, Նորավանքը, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթող՝ Ծիծեռնակաբերդը, Եռաբլուր պանթէոնը, ուր կողք-կողքի իրենց հանգրուանը գտած են հայոց ազատագրական պայքարի տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ, Երեւանի Կենդանաբանական Այգին, Սեւանավանքը, ինչպէս նաեւ Եղիշէ Չարենցի անուան դպրոցը:
Վարժարանիս «Արի տուն» ծրագիրի մասնակից աշակերտները «Զարթօնք» թերթի խմբագիր ընկ. Սեւակ Յակոբեանի ընկերակցութեամբ այցելեցին ՀՀ մօտ Լիբանանի դեսպանատուն եւ հիւրընկալուեցան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Ժան Մաքարոնիի կողմէ, որմէ ետք անոնք ուղղուեցան դէպի Յաղթանակի զբօսայգի ու Մայր Հայաստան յուշահամալիր-թանգարանը:
Բազմաթիւ վայելքի ժամեր անցուցին զբօսնելով Երեւան մայրաքաղաքի փողոցներով ու գեղատեսիլ ժամադրավայրերով, իսկ Արարատ սուրբ լեռը անբաժանելի էր անոնց տեսադաշտէն, որ աննկարագրելի ոյժ եւ հայրենատիրութիւն կը սփռէր:
Վերոնշեալ այցելութիւններէն բացի, աշակերտները աննկարագելի 4 օրերու ընդմէջէն ճամբարային երանելի պահեր ապրեցան, որոնց մէջ մասնակցեցան քայլարշաւներու, մարզական, մտային եւ այլ զարգացման խաղերու, դասեր ստացան հայրենագիտութեան, լեզուի, ազգային երգ ու պարի մասին եւ դիտեցին հայրենասիրական ոգի ներշնչող տարատեսակ ժապաւէններ:
Իւրաքանչիւր ճամբարային օր իւրայատուկ էր իր ծրագիրներով, որոնց մէջ մասնակիցները խրոխտ ու բարձրաճակատ կ’երգէին Հայաստանի հանրապետութեան քայլերգը, Հակական բանակի նուիրուած երգեր, ինչպէս նաեւ «Երեւան-Էրէբունի» ու «Երեւանում Տօն է» զուարթ ու ոգեշնչող երգերը:
Շնորհակալական անթիւ խօսքեր կ’ուղղենք ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան, յանձինս վսեմափայլ նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանին ու նախարարութեան անձնակազմին, որոնք այս առիթը ընծայեցին մեր աշակերտներուն ապրելու համար այն ամէնը ինչ որ սորվեցան իրենց դասագիրքերուն մէջ, ամբարելով եւ արմատաւորելով գիտելիքները հայրենիքի մասին:
Եզրակացնելով, պիտի ըսենք, որ «Արի Տունը»-ը հայրենաճաչութեան հարուստ ու օգտաշատ ծրագիր մըն է անկասկած:
Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի Լրատուական ծառայութիւն