Օլեկ Եսայեան Հանդիպում Ունեցաւ «Արի Տուն-2013» Ծրագիրի Մասնակից Մոսկուաբնակ Երիտասարդներուն Հետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/10/ari-tun2.jpg)
Հոկտեմբեր 11-ին ՌԴ մէջ ՀՀ դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցած է ՀՀ դեսպան Օլեկ Եսայեանի եւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն-2013» հայրենաճանաչութեան ծրագիրի մոսկուաբնակ երիտասարդներու հանդիպումը:
Հանդիպման ներկայ էին ՀՀ դեսպանութեան մշակոյթի գիծով խորհրդական Մ.Բաբայեան, մամլոյ քարտուղար Է.Ջամբազեան, երկրորդ քարտուղար Վ.Մելքումովան:
2013թ ընթացքին «Արի տուն» ծրագիրին ՌԴ մէջ մասնակցած է 262 երիտասարդ: Հանդիպման ներկայ եղած են Մոսկուայի Լոմոնոսովի անուան պետական համալսարանի պատմական բաժանմունքի, մաթեմատիկական Բաժանմունքի, Մոսկուայի Ս.Վիտտէի անուան
համալսարանի կառավարման բաժանմունքի, Մոսկուայի լեռնային համալսարանի, ռուսաստանեան Սոցիալական համալսարանի իրաւագիտութեան բաժանմունքի եւ Մոսկուայի շարք մը հանրակրթական դպրոցներու եւ վարժարաններու ուսանողներ եւ աշակերտներ:
Բացման խօսքին մէջ դեսպան Եսայեան, ողջունելով երիտասարդներուն, ընդգծած է սփիւռքի դերն ու կարեւորութիւնը համայն հայութեան կեանքին մէջ, «Արի տուն» ծրագիրի արդիականութիւնը եւ կարեւորութիւնը, ծրագիրի մը, որ կ’օգնէ բացայայտել արտերկիր բնակող հայութեան ներուժը:
Հանդիպման խօսուած է հայոց լեզուի շարունակական ուսուցման կարեւորութեան, Հայաստանէն դուրս ազգային մթնոլորտի ստեղծման կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ անոր խոչընդոտող հանգամանքներու մասին: Ան հակիրճ անդրադարձած է հայ-ռուսական երկկողմ յարաբերութիւններուն, հայապահպանութեան խնդիրներուն:
«Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնած են ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՀ դեսպանութեան` իրականացուցած ծրագիրի եւ կազմակերպուած ընդունելութեան համար: Յայտնելով իրենց գոհունակութիւնը` որոշ երիտասարդներ ընդգծած են, որ ցանկալի պիտի ըլլար յաջորդ տարիներուն ընթացքին հնարաւորութիւն ունենալ «Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս այցելել նաեւ լեռնային Ղարաբաղ` տեղի հայկական մշակութային կոթողներուն եւ աւանդոյթներուն ծանօթանալու համար:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ծրագիրի կազմակերպիչներուն` որոշ երիտասարդներ խօսած են Հայաստանի մէջ հայրենիքի զգացումը վերապրելու, ինչպէս նաեւ նման ծրագիրներուն ապագային մասնակցելու ցանկութեան մասին:
Հանդիպման վերջաւորութեան երիտասարդներու համար կազմակերպուած է շրջայց դեսպանութեան շէնքին մէջ: Անոնք ծանօթացած են Լազարեաններու ընտանիքի պատմութեան եւ դեսպանութեան տարածքին մէջ գտնուող պատմական նշանակութիւն ունեցող յիշարժան յուշարձաններուն:
Վիքթորիա Մելքոմովա
Մոսկուա