Շիրակացիի Ճեմարանին եւ Քուէյթի Վարժարանին Միջեւ Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրուած է

«Շիրակացիի ճեմարան» միջազգային գիտակրթական համալիրը եւ Քուէյթի հայ ազգային վարժարանը այսուհետեւ պիտի համագործակցին երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող ուսումնակրթական եւ խորհրդատուական բնոյթի ծրագիրներու ուղղութիւններով:

Հաստատութիւններու տնօրէններուն միջեւ, Օգոստոս 21­ին, կնքուեցաւ համագործակցութեան եւ բարեկամութեան յուշագիր: Ծրագիրներու ծիրէն ներս պիտի ըլլան աշակերտներու փոխանակում, առցանց ողիմպիականներ, ամառնային ճամբարներ, գիտակրթական խորհրդակցութիւններ, մասնագիտական գրականութեան, մեթոտական ձեռնարկներու, աշխատութիւններու, պարբերականներու փոխանակումներ:

ՀՀ ԿԳՆ փոխնախարար Մանուկ Մկրտչեան յոյս յայտնած է, որ այս յուշագիրին ստորագրումը օրինակ պիտի հանդիսանայ այլ դպրոցներու համար: «Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ ոչ միայն արտասահմանեան առաջադէմ գաղափարներ կը ներդրուին Հայաստանի մէջ, այլեւ՝ մեր երկրի նուաճումները կը տարածուին նաեւ արտասահմանի մէջ»,-­ նշած է Մանուկ Մկրտչեան:

Քուէյթի հայ ազգային վարժարանի տնօրէն Ներսէս Սարգիսեան, իր հերթին, ընդգծած է, որ իրենք մեծ ներդրում ունին Սփիւռքի հայ սերունդներու դաստիարակութեան եւ համալսարանական ուսման պատրաստութեան հարցին մէջ:

«Մենք ստորագրեցինք այս յուշագիրը` հայեցի դաստիարակութեան, բարձրագոյն ուսման ձգտելու եւ հասնելու նկատառումներով: ՀՀ կրթութեան նախարարութիւնը մեր սպասելիքներէն աւելի լաւ մօտեցում ցուցաբերեց մեզի հանդէպ, մեզի ուղղութիւններ տուաւ, եւ իրենց միջոցով մենք ծանօթացանք Անանիա Շիրակացի ճեմարանի անձնակազմին հետ: Մենք հպարտ ենք իրենց նուաճումներով»,­- ըսած է Սարգիսեան:

Անոր խօսքով` իրենց աւելի կը հետաքրքրէ միջազգային պաքալորիայի փորձի կիրառումը վարժարանին մէջ:

«Մեր երկուքի ուսերուն երջանիկ պատասխանատւութիւն կը դրուի: Մենք պիտի աշխատինք արդարացնել բոլորի սպասելիքները, եւ, կը կարծեմ, որ շուտով պիտի ներկայացնենք մեր արդիւնքները»,-­ ըսած է «Շիրակացիի ճեմարան» միջազգային գիտակրթական համալիրի տնօրէն Աշոտ Ալիխանեանը:

Համագործակցութեան ծիրէն ներս՝ Շիրակացիի ճեմարանը պատրաստակամ է Ազգային վարժարանին աջակցելու ՀՀ կառավարութեան հաստատած Հանրակրթութեան պետական չափորոշիչին եւ Միջազգային պաքալորիայի կրթական ծրագիրի չափորոշիչներու պահանջներուն համապատասխան այլընտրանքային հանրակրթական ծրագիրներու մշակման աշխատանքներուն մէջ:

Scroll Up