Սքոթ Աւետիսեան. ԱՄՆ 10 Ամենահեղինակաւոր Քաղաքապետներէն Մէկը

Սքոթ Աւետիսեանը կը համարեն յարատեւ քաղաքապետ. արդէն 17 տարի ազգութեամբ հայ ամերիկեան քաղաքական գործիչն ու Հանրապետական կուսակցութեան անդամը կը ղեկավարէ ԱՄՆ Ռոյտ Այլնտ նահանգի Վարուիք քաղաքը:
«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով rusarminfo.ru կայք-էջին, կը յայտնէ, որ 52-ամեայ Վարուիքի քաղաքապետը Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգ է: Ծնած, ապրած ու իր մասնագիտացած աշխատանքի ողջ մասը նուիրած է Ատլանտեան ովկիանոսի ափին գտնուող ամերիկեան նահանգի մեծութեամբ երկրորդ քաղաքին:
Աւետիսեան կրթութիւն ստացած է Ռոտ Այլնտի մայրաքաղաքին` Փրովիտենսի մէջ, այնուհետեւ ուսանած է Ռոճեր Ուիլեամսի համալսարանին եւ Հարվարտի Ճոն Քէնետիի անուան կառավարման դպրոցին մէջ:
1990-ական թուականներուն սկիզբը Սքոթ Աւետիսեան կը վերադառնայ հարազատ քաղաք եւ կ’ընտրուի քաղաքային խորհուրդի անդամ: Այս պաշտօնին ան կ’աշխատի շուրջ 10 տարի:
Սքոթ Աւետիսեան առաջին անգամ 85 հազար բնակչութիւն ունեցող Վարուիք քաղաքի քաղաքապետ ընտրուած է 2000 թուականին: Այդ ժամանակ ան դարձաւ ոչ միայն ամերիկեան քաղաքի ազգութեամբ հայ առաջին քաղաքապետը, այլեւ` Ռոտ Այլնտ նահանգի ամենաերիտասարդ քաղաքապետը:
Պաշտօնավարման առաջին շրջանի յաջողութիւնը երաշխիք դարձաւ յաջորդող ընտրութիւններուն ժամանակ, իսկ 2011 թուականին Նիւ Եորք Թայմսը Սքոթ Աւետիսեանը ներառեց ԱՄՆ 10 ամենահեղինակաւոր քաղաքապետներուն շարքին:
Աւետիսեանի յաջողութեան բանալին այն է, որ ան յաջողած է առաւելագոյն ձայներ հաւաքելու Վարուիքի բոլոր ընտրական տեղամասերուն մէջ: 2017 թուականի օգոստոս 1-ին կայացած ընտրութիւններուն արդիւնքը բացառութիւն չէր. Աւետիսեան հաւաքեց ձայներու 65,1 %-ը եւ մեծ առաւելութեամբ կրկին յաղթեց քաղաքապետի ընտրութիւններուն:
Սքոթ Աւետիսեան նահանգի հայկական համայնքի աշխոյժ անդամ է եւ յաճախ հանդէս կու գայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կոչերով: Ռոտ Այլնտի ներկայացուցիչներու պալատը 2017 թուականի ապրիլին ընդունած է 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ: