Շարժանկարի Բացօթեայ Դիտում` «Գառնի» Արգելոց-Թանգարանին ՄԷջ

Ուրբաթ օրը` ժամը 20:30-ին, «Գառնի» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանի բացօթեայ շարժանկարի սրահի մեծ պաստառին կը ցուցադրուի «Աստուածները երեւի խենթացած են» ամերիկեան ֆիլմարտադրութեան կատակերգութիւնը:
«Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի լրատուութեան բաժինէն կը տեղեկացնեն, որ մէկ ժամէն աւելի տեւողութեամբ շարժանկարը կը ներկայացնէ հեռաւոր ափրիկեան ցեղերէն մէկուն` պուշմէններու կեանքը 1980-ականներուն եւ անոնց առնչութիւնը ժամանակակից քաղաքակրթութեան: