Կլետիս Պերեճիքլեան․ Ըլլալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը Վերապրածի Թոռնուհի` Ես Հպարտ Եմ Իմ Հայկական Ժառանգութեամբ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/08/gledis.jpg)
Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուէլս նահանգի վարչապետ Կլետիս Պերեճիքլեան յոյս ունի յաջորդ տարի Հայաստան այցելելու:
Այս մասին Կլետիս Պերեճիքլեան յայտնած է NEWS.am-ին տուած հարցազրոյցին:
Որ՞ն է ձեր հիմնական նպատակը որպէս Նոր Հարաւային Ուէլս նահանգի վարչապետ:
Նոր Հարաւային Ուէլս նահանգին մէջ կ’ապրի 7․8 մլն մարդ, ու այն Աւստրալիոյ վեց նահանգներէն խոշորագոյնն է: Աւստրալիոյ բնակչութեան մօտ մէկ երրորդը կ’ապրի հէնց այդ նահանգին մէջ, որ երկրի ամենաարագ աճող ու զանազան տնտեսութիւն ունեցող նահանգն է: Նահանգի տնտեսութիւնը աւելի մեծ է, քան օրինակ Իռլանտայի, Նորվեկիոյ կամ Իսրայէլի տնտեսութիւնը:
Վարչապետի դերակատարումը հաւասար է ԱՄՆ-ի մէջ նահանգապետի դերակատարման: Վարչապետը կառավարութեան առաջնորդն է, ամենաբարձրաստիճան դէմքը, որ որոշումներ կը կայացնէ: Վարչապետը կը ղեկավարէ ու կը համակարգէ նախարարութիւններու աշխատանքը պիւտճէի, քաղաքականութեան ու նոր օրէնսդրութեան հարցերով:
Դուք 2013-ին Հայաստան ու Լեռնային Ղարաբաղ այցելած էք աւստրալական քաղաքական գործիչներու պատուիրակութեան կազմին մէջ: Կը պատմէ՞ք այդ ուղեւորութենէն ձեր տպաւորութիւններուն մասին:
Ես հնարաւորութիւն ունեցայ այցելելու Հայաստան 2013-ի յուլիսին` Նոր Հարաւային Ուէլս նահանգի խորհրդարանին մէջ Հայաստանի բարեկամներու խորհրդարանական պատուիրակութեան շրջանակէն ներս: Մենք այցելեցինք Երեւան, Արցախ ու Հայաստանի որոշ մարզեր: Այդ ուղեւորութիւնը իմ ու իմ գործընկերներուս համար յիշարժան էր անով, որ ապահովեց ոչ միայն հայկական կենսակերպի խոր ընկալում, այլեւ Հայաստանի խնդիրներու ու հասանելի ռազմավարական կարեւոր հնարաւորութիւններու ընկալում:
Խոհրդարանին մէջ դուք մշտապէս կը բարձրացնէիք հարցեր, որոնք կը վերաբերին հայերու շահերուն, ներառեալ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու ղարաբաղեան հարցերը: Ձեր կարծիքով Աւստրալիան երբեք կրնա՞յ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Ըլլալով Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածի թոռնուհի` ես հպարտ եմ իմ հայկական ժառանգութեամբ ու կը շարունակեմ աջակցիլ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման: Այս տարի մենք կը նշենք Նոր Հարաւային Ուէլսի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան միաձայն ճանաչման 20-րդ տարեդարձը: Խորհրդարանի այգիին մէջ նաեւ խաչքար տեղադրուած է` Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ես յոյս ունիմ յաջորդ տարի այցելելու Հայաստան արդէն որպէս Նոր Հարաւային Ուէլս նահանգի վարչապետ: