Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղին ՄԷջ Նշած Են Խաղողօրհնէքն Ու Մուսա Լերան Հերոսամարտի Օրը

Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղին՝ Կիլիկիոյ Վագըֆի մէջ Պոլիսէն եւ աշխարհի տարբեր վայրերէն եկած հայերը մեծ շուքով նշած են Աստուածամօր վերափոխման տօնը:
Ինչպէս Կիլիկիոյ Վագըֆէն կը տեղեկացնէ NEWS.am-ի թղթակիցը, Մուսա լերան փէշերուն գտնուող հայաբնակ Վագըֆին մէջ Աստուածամօր վերափոխման տօնի նախորդ երեկոյէն հաւաքուած հայերը սկսած են ձեռնարկները աւանդական երգ ու պարով:
Արդէն օգոստոս 14-ին, Վագըֆի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Տէր Աւետիս Թաբաշեանի առաջնորդութեամբ իրականացուած է պատարագ, որմէ յետոյ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցած է Խաղողօրհնէք: Այնուհետ Տէր Աւետիս Թաբաշեան մօտեցած է արդէն պատրաստուած հարիսաներով մեծ կաթսաներուն եւ աղօթած խաղաղութեան համար:
Հաւաքուած հայերը համտեսած են աւանդական հարիսան, շփուած իրար հետ եւ հրաժեշտ տուած են` յաջորդ տարի նոյն վայրին մէջ հաւաքուելու մտադրութեամբ: