Մահացած Է Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Հակոբեանի Մայրը

Օգոստոս 10-ին Մահացած Է ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Մայրը` Թէրէզա Հեքիմի Օհանեանը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները կը ցաւակցին նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին եւ անոր բոլոր հարազատներուն` անդառնալի կորուստի կապակցութեամբ եւ իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն այս ծանր պահուն:

Թէրէզա Օհանեանի հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ օգոստոս 12-ին, ժամը` 18:00-ին, Երեւանի Կոնդի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ:

Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ օգոստոս 13-ին,  ժամը` 13:00-ին,  Գեղարքունիքի մարզի Սարուխան գիւղին մէջ:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն

***

Թէրէզա Հեքիմի Օհանեան ծնած է 1927 թուականի դեկտեմբեր 9-ին, Նոր Պայազետի շրջանի Սարուխան գիւղի, ծառայողի ընտանիքի մէջ:

Սարուխանի միջնակարգ դպրոցը գերազանցութեամբ աւարտելէ ետք 1945 թուականին ընդունուած է Երեւանի մանկավարժական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքը:

Համալսարանը  աւարտած է գերազանց գնահատականներով եւ 1949 թուականին նշանակուած է աշխատանքի Նոր Պայազետի շրջանի Բատիկեան (այժմ` Գանձակ) գիւղի եօթնամեայ դպրոցին մէջ` որպէս պատմութեան ուսուցչուհի:

Երկու տարուայ մանկավարժական գործունէութենէն ետք նշանակուած է Լանջաղբիւր գիւղի ութամեայ դպրոցի տնօրէն եւ այդ պաշտօնին մէջ աշխատած է  1951 թուականէն մինչեւ 1966 թուական:

Թէրէզա Օհանեանի գլխաւորութեամբ դպրոցը դարձած է իր ժամանակի առաջաւոր ուսումնական հաստատութիւններէն մէկը, որն ունէր համերաշխ եւ նուիրեալ մանկավարժական անձնակազմ:

Հաշուի առնելով Թէրէզա Օհանեանի մարդկային, մասնագիտական, կազմակերպական բարձր որակները` 1966 թուականին անոր վստահած են Կամօ (ապա` Գաւառ) քաղաքի Հացառատ թաղամասի նոր հիմնադրուած հեռակայ միջնակարգ դպրոցի տնօրէնի պաշտօնը, եւ այդ պաշտօնին ան  աշխատած է շուրջ 22 տարի:

Որպէս բարեխիղճ աշխատանքի գնահատական` ան պարգեւատրուած է բազմաթիւ շնորհակալագիրներով, պատուոգիրներով, Լենինի յոբելենական մետալով:

Թէրէզա Օհանեանի եւ անոր ամուսնուն` Գաւառի պետական համալսարանի հիմնադիր տնօրէն, Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր մանկավարժ Հրանդ Յակոբեանի ողջ գիտակցական կեանքը սերունդներու կրթութեան ու դաստիարակութեան գործին սիրով եւ նուիրումով ծառայելու փայլուն օրինակ է:

Ան  դաստիարակած է չորս զաւակ, ունի ութ թոռ եւ տասնհինգ ծոռ:

Անոր յիշատակը միշտ պայծառ պիտի մնայ իր աշակերտներուն, հարազատներուն եւ ճանչցողներուն սրտերուն մէջ:

 

Scroll Up