Սուրիահայ Երեխաներու Ամառնային Հանգիստը Լոռիի Մարզի «Գուգարք» Ճամբարին ՄԷջ
Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայ անապահով ընտանիքներու 35 երեխաներ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի համատեղ նախաձեռնութեամբ եւ «Սէյվ տը Չիլտրըն» կազմակերպութեան ֆինանսական աջակցութեամբ այսօր մեկնեցան ՀՀ Լոռիի մարզի «Գուգարք» մանկական ճամբար, ուր տեղացի երեխաներուն հետ միասին յառաջիկայ տաս օրերուն կ’իրականացնեն իրենց ամառնային հանգիստը: Սուրիահայ երեխաներուն մինչեւ ճամբար ուղեկցեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի ներկայացուցիչներ եւ խումբ մը ծնողներ:
«Գուգարք» մանկական ճամբարը Լոռիի ամենագողտրիկ անկիւններէն մէկուն` Վահագնաձորի մէջ` շրջապատուած սաղարթախիտ անտառով: Ճամբարն ունի ամառնային լիարժէք հանգիստի բոլոր պայմանները` երկու մասնաշէնք` լուսաւոր ննջասենեակներով, ճաշարան, ընդարձակ խաղահրապարակներ, բացօթեայ տաղաւարներ, լիովին նոր լողաւազան: Ճամբարի ղեկավարութիւնը ձեռնարկած է բոլոր հնարաւոր միջոցները երեխաներուն ամառնային հանգիստը առաւել անվտանգ կազմակերպելու համար:
Արշաւներ, խաղեր, նոր ընկերներ, իրական ճամբարական զգալու հնարաւորութիւն է:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հերթական նախաձեռնութիւնը սուրիահայ երեխաներուն համար ոչ միայն ամառնային հանգիստի կազմակերպում է, այլեւ միջոց` նպաստելու անոնց լիարժէք ընդելուզման:
Մաղթենք սուրիահայ երեխաներուն հաճելի հանգիստ: