Կ’աւարտէ «Արի Տուն» Ծրագիրի Վեցերորդ Փուլը

Օգոստոս 4-ին, ժամը` 18.00-ին, Աղաւնաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ տեղի կ’ունենայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի վեցերորդ փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն կը մասնակցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, նախարարութեան աշխատակիցներ, պետական եւ մշակոյթի գործիչներ, հիւրեր:
Արիտունցիները հանդէս կու գան համերգային ծրագիրով, որ պատրաստած են ճամբարային օրերուն ընթացքին:
Ծրագիրի 6-րդ փուլին կը մասնակցի շուրջ 90 պատանի եւ աղջիկ` աշխարհի 10 երկրէ` Ռուսաստանէն, Ուքրանիայէն, Պելառուսէն, Վրաստանէն, Լիբանանէն, Յորդանանէն, ԱՄՆ-էն, Ֆրանսայէն, Սպանիայէն, Շուէտէն:
Լրագրողներուն տեղափոխող հարնակառքը կը շարժի Օգոստոս 4-ին, ժամը 16.30-ին Ստեփան Շահումեանի անուան հրապարակէն (հասցէ` Վ.Սարգսեան 3):