Կը Մեկնարկէ Հայոց Արքաներու Խորհրդանիշերով Յուշանուէրներու Արտադրութեան Ծրագիրը

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը կը սկսի Հայոց արքաներու խորհրդանիշերով յուշանուէրներու արտադրութեան ծրագիրը: Պատմական գիտութիւններու թեկնածու Հայկ Դեմոյան հիմնադրամի խումբին տրամադրած է Հայոց արքաներու դիմապատկերներու լուսանկարները, որոնց հիման վրայ աշխատանքային խումբը կը մշակէ յուշանուէրներու նմուշները, յետագային ալ կը սկսի արտադրութիւնը:
Յուշանուէրներու ձեւաւորումը մշակելուն պահանջ դրուած է օգտագործել արքայական տոհմերու խորհրդանիշերը, զինանշաններու, հանդերձանքի մանրամասնութիւնները: Գաղափարին հաւանութիւն տուած է վարչապետը: Լաւագոյն նախագիծը կ’ընտրուի բաց մրցոյթով, որուն ընթացքին Հիմնադրամը կ’ակնկալէ յուշանուէրներու ձեւաւորման, արտադրութեան, վաճառքի գործի ծրագիր:
Յաղթող ընկերութիւնը կը ստանայ արտադրութեան պատուէրը եւ վաճառքի իրաւունք` մշակութային կեդրոններուն` թանգարաններուն, հնավայրերուն, զբօսաշրջային տարածքներուն մէջ: Հիմնադրամը կ’աջակցի նաեւ արտադրանքի յառաջմղման հարցին մէջ:
«Գործարար նախագիծէն բացի, Հայոց արքաներու խորհրդանիշերու թեմատիկայով յուշանուէրներու արտադրութեան ծրագիրը նաեւ մեր պետականութեան, արքաներու նուաճումները հանրայնացնելու, քարոզելու գաղափար կը կրէ»․- yerkirmedia.am-ի փոխանցմամբ` ընդգծեց Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արմէն Աւագ Աւագեան: