«Արի Տուն» Ծրագիրին Մեծ Ուրախութեամբ Եկած Ենք Մասնակցելու. Ծրագիրի Հոլանտաբնակ Մասնակիցներ
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը,Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքին մէջ ապրող Խաչիկ, Աւետիս եւ Նազելի Ֆրանկեանները ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն-2017» ծրագիրի 7-րդ փուլի մասնակիցներէն են: Անոնք դեռեւս անցեալ տարուընէ ցանկացած են ծրագիրին մասնակցիլ, բայց քանի որ սահմանուած կարգով կրտսեր քրոջ` Նազելիին տարիքը չէ համապատասխանած, եղբայրները սպասած են անոր տասներեք տարեկանը բոլորելուն: Եւ, ահա, անոնք այս տարի բռնած են Արի տան» ճամփան:
Խաչիկ Ֆրանկեան–Ապրելով օտար երկրի մէջ` մեզի հնարաւորութիւն տրուած է լիովին բացայայտելու Հայաստանն ու կապուելու հայկական հողին: Վստահ եմ` «Արի տուն» ծրագիրին մասնակցելէ յետոյ առաւել հայրենասէր կը դառնամ, կ’արժեւորեմ հայու ինքնութիւնս եւ ընկերական շրջապատս կ’ընդլայնեմ:
Հայաստան առաջին անգամ 2003 թուականին եկած եմ, դրական փոփոխութիւններն, իրօք, նկատելի են. ժամանցի եւ զբօսանքի վայրերը շատցած են, իսկ Երեւանը աւելի բարեկարգ դարձած է: Հայաստանի տեսարժան, պատմամշակութային վայրերէն յատկապէս շատ կը սիրեմ Սեւանայ լիճը, Գառնի տաճարն ու Գեղարդի վանքը: Տեղեակ եմ, որ «Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս պիտի այցելենք վերոնշեալ վայրեր, որուն համար շատ ուրախ եմ:
Ալմելոյի մէջ համախմբուած հայկական համայնք կը գործէ, հայանպաստ տարբեր ձեռնարկներ կը կազմակերպուին, տօները կը նշուին:
Շատ կը սիրեմ Սուրբ Ծնունդը, երբ ընտանիքով կ’երթանք հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի` մասնակցելու պատարագին եւ մոմ վառելու:
Աւետիս Ֆրանկեան–Ալմելոյի ճատրակի խմբակին կը յաճախեմ: Հոլանտայի մէջ կայացած ճատրակի մրցոյթներուն քանի մը անգամ յաղթող ճանչցուած եմ:
Նպատակս է ճատրակի մէջ գրանցած յաջողութիւններով նպաստել աշխարհի մէջ Հայաստանի առաւել ճանաչման եւ ցոյց տալ, որ հայերը խելացի, տաղանդաւոր մարդիկ են:
Եղբօրս ու քրոջս հետ մեծ ուրախութեամբ եկած եմ մասնակցելու «Արի տուն» ծրագիրին, յոյսով եմ`մեր սպասելիքները կ’արդարանան եւ վառ տպաւորութիւններով տուն կը վերադառնանք:
Նազելի Ֆրանկեան–Մեր ծնողներն ամէն ինչ կ’ընեն, որպէսզի միշտ Հայաստանին մօտ զգանք, տան մէջ հայերէն կը խօսինք: Հայկական բոլոր տօները կը նշենք: Տօնական օրերուն մեր սեղանը աւանդական ուտեստները կը զարդարեն, որոնց պատրաստման գործին մէջ ես նոյնպէս մասնակցութիւն կ’ունենամ:
Հոլանտայի մէջ կը փորձեմ օրերս հետաքրքիր դարձնել, որուն բաղկացուցիչ մասն ալ հայ ընկերներուս հետ զբօսանքի դուրս գալը կը կազմէ:
«Արի տուն» ծրագիրին մասնակցելով` կը բարելաւեմ հայոց լեզուի իմացութեան մակարդակը, նոր ծանօթութիւններ կը հաստատեմ եւ կ’այցելեմ այն բոլոր վայրերը, որոնք մինչ այժմ համացանցի միջոցով միայն տեսած եմ:
Յ.Գ.-Զրոյցի աւարտին երեխաներն իրենց խոր ափսոսանքն արտայայտեցին Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն Մանուկ Մկրտչեանի մահուան առիթով`շեշտելով.«Մանուկ Մկրտչեանը, որմէ շատ բան սորված ենք, մեր յուշերուն մէջ միշտ կը մնայ որպէս հայրենասէր մարդ: Երախտապարտ ենք անոր` մեզ հայոց լեզուն սորվեցնելու համար»:
Գէորգ Չիչեան