ՀՄԸՄ Պատուիրակութիւնը Հիւրընկալուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

Յուլիս 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի եւ ՀՄԸՄ պատուիրակութեան անդամներուն միջեւ: Հանդիպման ներկայ էին ՀՄԸՄ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, վարչութեան անդամներ Վաչէ Նաջարեան, Իշխան Եղիայեան, Արմանտօ Թորգոմեան, Անդրանիկ Պահարեան, Վիգէն Քորթեան, Օշին Փիրումեան, Բագրատ Եսայեան, Վիգէն Աւագեան, Մանուէլ Մարսէլեան:

Ողջունելով հիւրերը` Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց  անոնց Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ խաղերը Երեւանի մէջ բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար: «Ուրախ եմ, որ տարէցտարի Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերի մասնակիցների աշխարհագրութիւնը ընդլայնւում է, եւ արդէն այս տարի` յուլիսի 20-29-ը ընթացող խաղերին մասնակցում է շուրջ 1300 մասնակից աշխարհի 19 երկրներից: Մարզախաղերը մի քանի նպատակ ունեն: Առաջին նպատակը, ի հարկէ, հայրենաճանաչութիւնն է: Հայ երիտասարդները հնարաւորութիւն են ունենում ճանաչելու, բացայայտելու Հայրենիքը, գտնուելու հայրենի հողի վրայ եւ զգալու այն: Երկրորդ նպատակը մրցման ոգին պահպանելն է, երբ մասնակիցները ջանում են ցուցադրել լաւ արդիւնքներ, տարիների իրենց աշխատանքը: Եւ ի վերջոյ, ստեղծւում է համահայկական ցանց. աշխարհի տարբեր ծայրերից եկած  հայորդիները ճանաչում են միմեանց, բարեկամանում»,- նշեց նախարարը:

Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծեց, որ մարզախաղերը նոր եւ փառահեղ  սկիզբ  կը նախանշեն եւ կ’ամփոփեն Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան 100-ամեայ գործունէութիւնը: «Դուք բոլորել էք դարը եւ շրջադարձ էք կատարում դէպի յաղթական հազարամեակ: Ձեր փայլուն պատմութիւնը, ՀՄԸՄ-ական ատենապետների գործը, նուիրումը պէտք է դառնան օրինակ գալիք սերունդների համար: Եւ 100-ամեայ յոբելեանին ընդառաջ` պէտք է տպագրուեն այս ամէնի մասին պատմող գրքեր, ուսումնասիրութիւններ: Մենք համատեղ յուշագիր ենք ստորագրել, որը չի մնացել միայն թղթին ամրագրուած, այլ այսօր իրականութիւն է, քանզի մենք լաւ ենք գիտակցել, որ համագործակցութիւնը մեզ դարձնում է աւելի զօրեղ` ուժեղ Սփիւռք, հզօր Հայրենիք: Դուք կատարում էք հայրենասիրական, ազգանուէր գործ: Օտար ափերում հայ երիտասարդին հայ պահելը մեծագոյն գործ է»,-ըսաւ Սփիւռքի նախարարը:

Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց մարզախաղերը Երեւանի մէջ իրականացնելու կազմակերպչական աշխատանքներուն աջակցած գերատեսչութիւններուն` ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարարութեան, Առողջապահութեան նախարարութեան, ՀՀ ոստիկանութեան, Երեւանի քաղաքապետարանին: Նախարարը ՀՄԸՄ պատուիրակութեան անդամներուն հրաւիրեց Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին:

ՀՄԸՄ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան սերտ համագործակցութեան համար: «Տիկի՛ն նախարար, շնորհակալ ենք Ձեզ մեր բոլոր աշխատանքներուն աջակցելու համար: Մեր նպատակը ոչ միայն մարզական կեանքի աշխուժացնումն է, այլեւ հայապահպանութիւնը, հայ երիտասարդները Հայրենիք բերելը, Հայաստանին ծառայելը, օժանդակելը մեր երկրի ամրապնդման, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման: Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերը Հայրենիքի մէջ կազմակերպելու ընթացքին բնականաբար դժուարութիւններ եղան, սակայն մենք գիտէինք, որ Հայաստանի մէջ ունինք ուժեղ յենարան` Սփիւռքի նախարարութիւնը»,-նշեց Գառնիկ Մկրտիչեան: Այնուհետ ան անդրադարձ կատարեց Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան 100-ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներուն:

Հանդիպման աւարտին Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան պատուոգիրներ յանձնեց ՀՄԸՄ Կեդրոնական վարչութեան եւ  կառոյցի ՀԱՍԿ Կեդրոնական վարչութեան 10-րդ մարզախաղերը բարձր մակարդակով կազմակերպելու եւ իրականացնելու համար:

ՀՄԸՄ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան նախարար Հրանոյշ  Յակոբեանին յանձնեց  մարզախաղերը խորհրդանշող յուշանուէր:

Scroll Up