Մեզի Հետ Չէ Մանուկ Մկրտչեանը
Հոլանտայի հայ համայնքը ծանր կորուստ կրեց: Այս անգամ մահուան գոյժը` Ալմելոյէն էր:
Գիտէինք, որ Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն Մանուկ Մկրտչեան կը պայքարի ծանր հիւանդութեան դէմ, բայց ապաքինման յոյս` կը փայփայէինք: Հրաշքը սակայն տեղի չունեցաւ: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կայքը կը գուժէ. « Այսօր կեանքէն հեռացաւ մեր սիրելի ուսուցիչ, Ալմելօ քաղաքի հայկական դպրոցի տնօրէն Մանուկ Մկրտչեան… » լուրն անսպասելի է բոլոր անոնց համար, որոնք գիտեն, կը ճանչնան Մանուկ Մկրտչեանը:
Անոր շատերը կը սիրէին` ոչ միայն որպէս հմուտ եւ խելացի մանկավարժի, նաեւ` լաւագոյն ընկերոջ ու բարեկամի: Ան սիրով ու մեծ նուիրումով կը փոխանցէր իր գիտելիքներն ու փորձը դպրոցի մանկավարժական անձնակազմին ու իր սաներուն: Ալմելոյի Սուրբ «Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ եւ «Մեսրոպ Մաշտոց» կիրակնօրեայ դպրոցի հիմնադրումէն քանի մը տարի անց` 2008 թուականին, եկեղեցւոյ վարչութեան առաջարկով` մինչ այդ` որպէս ուսուցիչ աշխատած Մանուկ Մկրտչեան կը նշանակուի Ալմելոյի ամենամեծ հայ համայնքն ունեցող (մօտ 6-7 հազար) կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն: Այդ ընթացքին Մանուկ Մկրտչեան կը յաջողի կրթական նոր մակարդակի հասցնել դասաւանդումը, կտրուկ կ´աւելնայ սաներուն թիւը: Տարիէ-տարի 100-է աւելի սաներու հասու եղած է հայոց լեզու (արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն), հայ ժողովուրդի պատմութիւն առարկաները, հմտացած են պարի, նկարչութեան, ասմունքի եւ այլ ասպարէզներու մէջ: Մանուկ Մկրտչեանի տնօրինութեամբ դպրոցը սերտօրէն համագործակցած է Հոլանտայի մէջ գործող այլ դպրոցներու հետ, ընդգրկուած է մէկօրեայ դպրոցներու հարթակի կազմին: Մանուկ Մկրտչեանի ջանքերով հիմնուած էր «Զանգակ» թերթը, ուր սաներէն զատ յօդուածներ գրած են մանկավարժները:
Մանուկ Մկրտչեան, որ կրթութեամբ բանասէր էր եւ ունէր 28 տարիներէ աւելի մանկավարժական փորձառութիւն, աշխատած է նաեւ հոլանտական կրթական համակարգին մէջ, մաթեմատիկա եւ համաշխարհային պատմութիւն դասաւանդած էր հոլանտական դպրոցի մէջ: Ան մեծ նուիրումով հոլանտացիներուն կը մատուցէր հայ ժողովուրդի պատմութիւնը:
Մանուկ Մկրտչեան Հոլանտայի աշխոյժ հայ անդամներէն էր: Ան «Նիտերլանտական օրագրի» աշխոյժ թղթակիցն էր եւ համայնքային կեանքի մասին յօդուածներ կը գրէր մեր էջերուն վրայ (նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» պարբերականին, «Օրեր» եւրոպական ամսագիրին մէջ): Յաճախ կ´այցելէր Մայր հայրենիք:
Մանուկ Մկրտչեան արժանացած է Հոլանտայի կրթական համակարգի եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան բազմաթիւ պատուոգիրներու, պարգեւատրուած «Մեսրոպ Մաշտոց», «Մայրենիի դեսպան» մետալներով, Համահայկական մրցանակաբաշխութեան մէջ իր ղեկավարած դպրոցը ճանչցուած է որպէս լաւագոյն կրթօճախ:
Դժուար է համակերպուիլ անդառնալի կորուստին, սակայն իրաւամբ` կորուստէն աւելի ուժեղ յիշողութիւնն է, որ մնայուն է:
Ազնիւ ընկերոջ, բարեկամի ու լաւ մարդու պայծառ ու ջերմ յիշատակը միշտ վառ կը մնան բոլոր անոր ճանչցողներուն սրտերուն մէջ:
Ինչպէս կը նշէ Ալմելոյի եկեղեցւոյ կայք-էջը’ Մանուկ Մկրտչեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի կ’ունենայ յուլիս 28-ին, ժամը` 13:00-ին, որմէ ետք հնարաւորութիւն կը տրուի ցաւակցիլ ընտանիքին եւ հարազատներուն եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ:
Կիսելով այս ծանր վիշտը’ ցաւակցութիւն կը յայտնենք Մանուկ Մկրտչեանի ընտանիքին, հարազատներուն, աշխատանքային անձնակազմին:
«Նիտերլանտական օրագիր»