Պատմարժէք «Հանգիտագիրք» Պատմագիրքի Շնորհանդէսը Թեհրանի Մէջ

Թեհրանի Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան նախաձեռնութեամբ  յուլիս  19-ի երեկոյեան, Թեհրանի Ս. Թարգմանչաց եկեղեցւոյ կից «Շաղուլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ստեփանոս Երէցի «Հանգիտագիրք» պատմագիրքի շնորհանդէսը:

«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթին, կը յայտնէ, որ կոթողական այս  աշխատութեան հիմքին  ինկած է Ստեփանոս Երէցի ձեռագիր մատեանը, որ կը պահպանուի Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի մատենադարանի ձեռագիրներու բաժինին մէջ:

Ասիկա մեզի համար սպասուած մեծ աշխատութիւն է, որ գրուած է 1787-1789 թուականներուն Իրանի Սպահանի շրջանի Փերիոյ գաւառի Հազարջրիբ  երբեմնի հայաբնակ գիւղին մէջ` Ստեփանոս Երէցի միջոցով:

Գիրքը լոյս  տեսած է Թեհրանի Փերիոյ Կրթասիրաց միութեան ջանքերով եւ ինչ խօսք` այն իրականութիւն չէր դառնար առանց բարերարներու, որոնք լաւագոյնս գիտակցելով աշխատութեան պատմական նշանակութիւնը` որեւէ բան չեն խնայած:

Ձեռնարկին  բացման խօսքով հանդէս եկաւ միութեան վարչութեան փոխատենապետ Մելինա Մանգասարեան:

Ապա գիրքի հրատարակման պատասխանատու Գասպար Ամիրխանեան հակիրճ տողերով ներկայացուց աշխատութեան ստեղծման անցած ողջ ճանապարհը եւ կարեւորութեամբ շեշտեց, որ գիրքը հրատարակուած է ՀՀ Մատենադարանի երաշխաւորութեամբ եւ լոյս  տեսած  «Ալիք» հաստատութեան տպարանին մէջ: Իր խօսքի աւարտին ան բեմ հրաւիրեց թարգմանիչ, գրականագէտ Գարուն Սարգսեան, որ  ընդհանուր գիծերու մէջ, բայց խօսուն վկայութիւններով ներկայացուց գիրքը: Այնուհետեւ պատկերասփռուեցաւ գիրքի թարգմանիչներ` Երեւանի Մատենադարանի գիտաշխատողներ Թ. Մինասեանի, Լ. Թումանեանի եւ Հ. Կիրակոսեանի ողջոյնի խօսքը:

Ապա հրաւիրուեցաւ ասմունքող Հրանոյշ Սարգսեան, որ ընթերցեց հատուածներ Ստեփանոս Երէցի գիրքէն:

Նախաձեռնութեան մասին հրաւիրուեցաւ արտայայտուելու «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան,  որ նշեց ձեռագիրներու արժեւորումը մեր իրականութեան մէջ դարերու պատմութիւն ունի եւ յիշատակեց, որ դեռ 100 տարի առաջ Ատրպատականի շուկաներուն մէջ հայերէն խլուած ձեռագիր մատեանները, որոնք վաճառքի  հանուած էին, գնուած են մեր մտաւորականներուն կողմէ եւ տեղափոխուած Էջմիածին: «Ահա նման հասկացողութեամբ  մենք մօտեցած ենք մեր պատմական արժէքներուն, ու նման աշխատութեան հրատարակումը կ´երթայ միանալու Էջմիածինի  ու Մեսրոպ Մաշտոց Մատենադարանին մէջ պահպանուող հազարաւոր ձեռագիր մատեաններու բոյլին»,- նշեց պրն. Մելիքեան:

Նոր Ջուղայէն` Սպահանի Հայոց Թեմական խորհուրդին կողմէ ձեռնարկին ներկայ էր խորհուրդի ներկայացուցիչ Սոնիկ Բաղումեան, որուն որպէս երախտագիտութիւն` յանձնուեցաւ  յուշանուէր-շնորհակալագիր, որմէ յետոյ ան հանդէս եկաւ շնորհաւորական խօսքով:

Աւարտին  բեմ հրաւիրուեցաւ Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեան` յուշանուէրներ յանձնելու բարերարներուն եւ արտայայտուելու օրուան առիթով:

Սրբազան Հայրը օրհնեց աշխատութեան օրինակը եւ յուշանուէրներ յանձնելէ յետոյ իր խօսքին մէջ  որպէս բացառիկ աշխատանք` գնահատեց այս աշխատութիւնը եւ մատնանշեց յատկապէս կարեւորութիւնը` ձեռագիր մատեանի եւ հոգեւորական գործիչի ձգած ժառանգութեան պահպանումը, որպէս պատմագիրք, մեզ ձգած ժառանգութեան աւանդ համարեց:

Ձեռնարկին  աւարտին եկեղեցւոյ  բակին մէջ  ներկաներուն համար կազմակերպուած էր ընդունելութիւն:

Նշենք, որ ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ ԻԻՀ Մէջլիսի իրանահայ պատգամաւորներ` դոկտ. Կարէն Խանլարեանն ու Ժորժիկ Աբրահամեանը, ԻԻՀ-ի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտաշէս Թումանեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան քաղաքական ժողովի անդամ Վարդան Վարդանեան, ակադեմիկոս Մկրտիչ Թումանեան, առաջնորդական փոխանորդ Տ. Մակար եպս. Աշգարեան,  Թեհրանի Հայոց թեմի պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Ժոզէֆ Մեհրաբեան, Թեհրանի Հայոց Թեմական խորհուրդի անդամ Սերոժ Մատթէոսեան, «Ալիք» օրաթերթի տնօրէն Արա Շահնազարեան:

Ներկայ էին նաեւ մարզամշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մտաւորականներ:

Scroll Up