Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մեկնած Է Կարճատեւ Արձակուրդ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան մեկնած է կարճատեւ արձակուրդի, որուն մէկ մասը կ’անցնէ արտերկրի մէջ: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն, այդ ընթացքին Հանրապետութեան Նախագահը կ’ընդհատէ արձակուրդը եւ աշխատանքային այցով կը մեկնի Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն` մասնակցելու օգոստոս 5-ին կայանալիք ԻԻՀ նորընտիր նախագահի երդման պաշտօնական արարողութեան: