Թրքական Կայքը Ներկայացուցած է Ամերիկահայ Յայտնի Ռոք Երաժիշտի Ընտանիքին Պատմութիւնը
Թրքական «Gazetekarinca» լրատուական կայքը, որ ընթերցողներուն կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուածներու պատմութիւններ, այս անգամ անդրադարձած է ամերկահայ յայտնի ռոք երաժիշտ Տերէք Շիրինեանի ընտանիքի պատմութեան, կը հաղորդէ «Էրմէնի հապեր»-ը:
Շիրինեան Հայաստան ապրող իր ազգականները կրցած է գտնել լուսանկարի մը շնորհիւ, որուն վրայ պատկերուած եղած են երկու հայդուկ կիներ, որոնցմէ մէկը եղած է Շիրինեանի տատիկին մայրը` Ելիզապեթ Եազիջեանը:
Ելիզապեթը ծնած եւ մեծցած է Արաբկիր, հարուստ հայ ադամանդագործի մը ընտանիքին մէջ: 1890-ականներու Համիդեան ջարդերու ժամանակ Եազիջեան ընտանիքին մէկ մասը բռնի կ՛իսլամացուի` փրկուելով մահէն, մէկ մասն ալ կը հրաժարի կրօնափոխ ըլլալէ եւ յետագային կախաղան կը հանուի:
Սակայն ընտանիքին ամենամեծ դժբախտութիւնը կը պատահի 1915-ին, երբ ազգայանական խմբերը կու գան անոնց տուն, կը սպաննեն Ելիզապեթի հարազատները: Կինը հրաշքով կը փրկուի․ տեսնելով թէ ինչպէս կը գլխատեն եղբայրը` ան կ՛ուշաթափի, իսկ աւազակները զայն յատակին տեսնելով, կը կարծեն, թէ մահացած է:
Ընտանիքը կորսնցնելէ ետք՝ Ելիզապեթ կ՛անդամակցի հայկական ինքնապաշտպանական խմբերուն: Ելիզապեթ իր աղջկան` Մարիամին (Տերէք Շիրինեանի տատիկը), որ այդ ժամանակ 2 տարեկան էր, իր ընկերներէն մէկուն առաջարկով՝ ապահովութեան համար՝ կ՛ուղարկէ Ամերիկա:
Ըստ պայմանաւորուածութեան` Ելիզապեթի ընկերները Մարիամը պէտք է խնամէին մինչեւ պատերազմի աւարտը, սակայն Ամերիկա հասնելուն պէս Մարիամը կը յանձնեն հարուստ ամերիկացի զոյգի մը, որ զաւակներ չունէր:
Ելիզապեթ պատերազմէն ետք դստերը գտնելու նպատակով կ՛ուղեւորուի ԱՄՆ, սակայն Մարիամ, որ չէր գիտեր որդեգրուած ըլլալուն մասին, չի հաւատար Ելիզապեթին: Վերջինս որեւէ ապացուցող փաստաթուղթ չունէր, չի կրնար ապացուցել ո՛չ դստերը, ո՛չ ալ դատարանին իր իրաւացիութիւնը: Յուսահատած ան կը վերադառնայ Յունաստան, ուր նոր ընտանիք կը կազմէ, սակայն չի մոռնար Մարիամը եւ կը շարունակէ անպատասխան նամակներ գրել անոր: Այդ նամակներէն մէկուն հետ կ՛ուղարկէ նաեւ յայտնի լուսանկարը:
Հասուն տարիքին արդէն Մարիամ կը փորձէ գտնել մայրը, սակայն ապարդիւն: 1946-ին Ելիզապեթ ընտանիքին հետ կը հայրենադարձուի: Սովետական իշխանութիւնները անոր ամուսինը կը մեղադրեն Անգլիոյ օգտին լրտեսութիւն ընելուն մէջ եւ կ՛աքսորեն Սիպիր: Ելիզապեթ կը մահանայ 1972-ին, Երեւանի մէջ:
Ելիզապեթի սերունդները վերամիաւորուեցան 2015 թուականին, երբ ամերիկացի յայտնի երաժիշտը հարցազրոյցներէն մէկուն ժամանակ պատմած է իր տատիկին պատմութիւնն ու ցոյց տուած Հայաստանի մէջ շատ յայտնի լուսանկարը: Ելիզապեթի Հայաստանի մէջ բնակող թոռը Մարինա Եազիջեան կը ճանչնայ տատիկին լուսանկարը, որմէ ետք կապ կը հաստատէ Շիրինեանի հետ: Ընտանինքը առաջին անգամ կը հանդիպի 2015-ի Ապրիլին, երբ Տերեք Հայաստան կը ժամանէ` մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն:
Այդ օրերուն իր զգացումներուն մասին յայտնի երաժիշտը ըսած է. «Վերջին այցս Երեւան ինծի համար շատ կարեւոր էր: Զգացմունքային առումով դժուար էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին այնտեղ գտնուիլ, սակայն իմ կողքին էին զարմիկներս, որոնց մինչեւ այդ չէի ճանչնար: Անոնք զիս նաեւ Ելիզապեթի գերեզմանը տարին: Իսկապէս, կարծես, ֆիլմի տեսարան ըլլար»: