ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Կը Հանդիպի «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Եւ ՀՀ ԿԳՆ Ուսուցիչներու Վերապատրաստման Դասընթացներու Մասնակիցներուն Հետ

Յուլիս 21-ին, ժ.15:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան պիտի հանդիպի «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման, հայոց լեզուի ուսուցիչներու եւ կրթական գործի կազմակերպիչներու  վերապատրաստման դասընթացներու, ինչպէս նաեւ ՀՀ ԿԳՆ ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքի մասնակիցներուն հետ (հասցէն` Վ.Սարգսեան 3, 9-րդ յարկ):

Սփիւռքի նախարարը  պիտի ներկայացնէ Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան, հայապահպանութեան ուղղութեամբ նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրները:

Մասնակիցները հնարաւորութիւն կ’ունենան նախարարին ուղղելու իրենց յուզող հարցերը:

 

 

Scroll Up