Տաղանդաւոր Ղազախուհին` Առնօ Բաբաջանեանի Մրցոյթի Յաղթող

Հեռաւոր Ղազախստանէն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ հիւրընկալուած երաժիշտ-կատարող Ճանիս Շաուկենբաեւայի հետ առիթ ունեցայ հարցազրոյց մը ունենալ «Հայերն այսօր»–ի համար եւ հաճելիօրէն զարմացայ` իմանալով, որ ան Ակտիւբինսկի մարզին մէջ Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 95-ամեակին նուիրուած դաշնամուրային գործերու կատարման մրցոյթին փայլուն կերպով ներկայացուցած է մեր աշխարհաճանաչ հայրենակիցի ստեղծագործութիւնը` արժանանալով հանդիսատեսներու բուռն ծափահարութիւններուն ու յանձնախումբի բարձր գնահատականին: Այդ առիթով Ճանիսին Հայաստան գալու երկշաբաթեայ զբօսաշրջային ուղեգիր  նուիրած են: Գեղեցկուհի Ճանիսի լուսաւոր ու պայծառ դէմքը, ծունկներէն ներքեւ հասնող երկար ու ծանր հիւսքը, նրբագեղ ու բարձր հասակը, իմ հարցերուս տուած հակիրճ ու շատ խելօք պատասխաններն այդ 18-ամեայ, սակայն արդէն իսկ կայացման ճանապարհին ոտք դրած երիտասարդ երաժիշտ-կատարողի ինքնագնահատականի մասին կը խօսէին:

-Ճանի՛ս, բարի գալուստ Հայաստան, պատմէք, խնդրեմ մրցոյթի, Ձեր մասնակցութեան մասին:

– Ես երաժշտական քոլեջի 3-րդ կարգի ուսանողի եմ , արդէն փոխադրուած եմ 4-րդ կարգ: Աւարտելէ յետոյ կը պատրաստուիմ երաժշտանոց ընդունուիլ: Ակտիւբինսկի մարզին մէջ յայտարարուած էր յայտնի հայ երգահան Առնօ Բաբաջանեանին նուիրուած մանկապատանեկան մրցոյթ, որուն կը մասնակցէին 13-է 18 տարեկանները: Մասնակիցները երկու գործ պէտք է կատարէին` մէկն անպայման Առնօ Բաբաջանեանի գործերէն, միւսը` ճազային ստեղծագործութիւն` սեփական ցանկութեամբ: Ես սկիզբը նուագեցի անոր գործերուն հիման վրայ իմ սարքած գործս: Կը կարծեմ` արժանի ձեւով կատարեցի այդ գործերը: Բաբաջանեանի դաշնամուրային գործերու լաւագոյն կատարողներու համար սահմանուած էին այսպիսի մրցանակներ` ազգութեամբ հայերուն կը տրուէր «Արի տուն» ծրագիրին մասնակցելու հնարաւորութիւն, իսկ մեզի` Հայաստանի մէջ երկշաբաթեայ զբօսաշրջական ուղեւորութեան ուղեգիր: Մեծ երգահանի 95-ամեակին նուիրուած մրցոյթէն յետոյ որոշուեցաւ այն ամէնամեայ դարձնել:

-Կը սիրե՞ս Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւնները, թէ՞ պարզապէս կատարեցիք այդ գործը` մրցոյթին մասնակցելու համար. Հայ երգահաններէն  որո՞ւն գործերը կը սիրես:

-Անշու՛շտ, կը սիրեմ: Բաբաջանեանէն  ամենասիրած գործս «Նոկտիւրն»-ն է: Շատ կը սիրեմ նաեւ Արամ Խաչատրեանի գործերը, որոնք կատարած եմ ինծի համար, սակայն այդ գործերով դեռեւս բեմ չեմ բարձրացած: Սիրով ու ամենայն պատասխանատուութեամբ կը կատարեմ իմ սիրելի երգահաններուն գործերը:

-Առաջի՞ն անգամ մասնակցած ես մրցոյթի:

-Ո՛չ, սա առաջին մրցոյթը չէ. ես բազմաթիւ մրցոյթներու  մասնակցած եմ, Լոս Անճելըսի մէջ  մասնակցած եմ փառատօնի:

Արդէն երեք օր է, որ այստեղ էք. Հայաստանի տեսարժան վայրերէն ո՞ւր   այցելած էք:

-Մատենադարան, Կասկադ, այսօր պիտի երթանք Գառնի եւ Գեղարդ:

-Ճանի՛ս, Հայաստանի մասին ի՞նչ գիտէիր` մինչ այստեղ գալդ:

-Ես Ղազախստանի մէջ հայ ընկերներ ունիմ, գիտեմ Հայաստանի պատմութիւնը, լսած էի Արարատի, Սեւանի, հայկական խաղողի ու նռան մասին:

-Կը հաւնի՞ս Երեւանը. Ակտիւբինսկն աւելի գեղեցիկ է, թէ Երեւանը՞…

-Երեւանը շատ աւելի գեղեցիկ է (այստեղ Ճանիսին ուղեկցող մայրը կը միջամտէ` ըսելով` Երեւանը շքե՜ղ է): Մարդիկ բարեհամբոյր են, ջերմ, անմիջական:

Հրաժեշտ կու տամ տաղանդաւոր ու բարետես ղազախուհիին` Ճանիսին ու անոր մօրը` Սաուլէ Շաուկենբաեւային, որ, մասնակիցը դառնալով մեր զրոյցին, կը շեշտէ իր աղջկան` դեռեւս մանկութենէն բոլորին զարմանք ու հիացմունք պատճառած բացարձակ լսողութեան մասին, իսկ Ճանիսը, մօր գովեստէն կարմրելով, կը փորձէ շեղել մեզի իրեն առնչուող թեմայէն: Հրաժեշտէն առաջ Ճանիս կ’արտաբերէ իր սորված հայերէն  քանի մը բառերն ու արտայայտութիւնները` Բարեւ Ձեզ, իմ անունս  Ճանիս է, շնորհակալութիւ՛ն, կը սիրեմ Հայաստանը…այս լուսաւոր ու շատ դրական  նոտաներով ալ կ’աւարտէ մեր զրոյցը:

Կարինէ Աւագեան

Scroll Up