Ոսկեղինիկ Մայրենին Հնչեց Երբեք Հայերէնով Չխօսող Երեխաներու Շրթունքներէն. «Արի Տուն-2017». լուսանկարներ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/07/արի-տուն2-5.jpg)
Հայ ժողովուրդն աշխարհի մէջ մշակութային յուշարձան մըն է:
Անոր ապահով պահպանումը պարտքն է ոչ միայն մեր ` հայերուս, այլեւ քաղաքակիրթ մարդկութեան:
Վազգէն Ա
Յուլիս 10-ին տեղի ունեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան հայրենաճանաչութեան «Արի տուն-2017» ծրագիրի 4-րդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցաւ 156 պատանի եւ աղջիկ` աշխարհի 14 երկրէ (Ռուսաստան, Ուքրանիա, Պելառուս, Վրաստան, Իրաք, Սուրիա, ԱՄՆ, Գանատա, Պելճիգա, Յունաստան, Ֆրանսա, Չեխիա, Շուէտ, Աւստրալիա) եւ Հիւսիսային Կովկասի տարածաշրջանէն:
«Հայրեն այսօր»-ի փոխանցմամբ` արդէն յաջորդ օրը` յուլիս 11-ին, Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան դպրոցին մէջ մեկնարկեց «Արի տուն-2017» ծրագիրի չորրորդ փուլի Հայոց լեզուի ուսուցման դասընթացքը: Բացման արարողութեան երաժշտութեան հնչիւններու ներքոյ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեան` ներկայացնելով այս փուլի մասնակից արիտունցիներուն:
Սիրվարդ Համբարեանի ողջոյնի խօսքէն ետք մեկնարկեց Հայոց լեզուի ուսուցման հնգօրեայ դասընթացքը: Տարբեր երկիրներէն ժամանած երեխաները` ուսուցիչներ` Շողիկ Փահլեւանեանի, Լուսինէ Հայրիյեանի, Նարինէ Գէորգեանի, Մաքրուհի Գէորգեանի, Գայանէ Բարսեղեանի, Լենա Թաթոսեանի, Այտա Օհանեանի, Սեռա Շահինեանի, Գայեանէ Պապլոյեանի համբերատար ու ազգանուէր աշխատանքի շնորհիւ` սորվեցան հայերէն գրել, կարդալ, ծանօթացան հայ մշակոյթին, պատմութեան ու հայու ոգիին:
Հնգօրեայ դասընթացքը եզրափակուեցաւ փոքրիկ ցերեկոյթով, որուն ընթացքին հնչեց ոսկեղինիկ մայրենին հայերէնով երբեք չխօսող երեխաներու շրթունքներէն: Հայաստանի հիմնէն, Տէրունական աղօթքէն ետք հնչեց Վազգէն Առաջին կաթողիկոսի խօսքը, առաջին անգամ հայոց այբուբենը հնչեց աղօթքի տեսքով: Ինչպէս միշտ, արիտունցիները ներկայացուցին իրենց տպաւորութիւնները շարադրութիւններով, իսկ ցերեկոյթին ցուցադրեցին նաեւ իրենց պատրաստած պաստառները` Հայաստանի եւ «Արի տուն» ծրագիրին վերաբերեալ: Դասընթացքը եզրափակուեցաւ հայկական երգ ու պարով:
«Արի տուն» ծրագիրի ուսուցչական կազմի եւ իր անունէն բարի ճանապարհ եւ ազգապահպան գործունէութիւն մաղթեց Եղիշէ Չարենցի անուան դպրոցի տնօրէն Անահիտ Խեչումեան` նշելով, որ տաղանդաշատ հայուն ստեղծագործելու մղող ուժը ամենուրէք հայկական ոգին է: