«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Մասնակիցները Այցելեցին Ազգային Ժողով
Յուլիս 17-ին «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցները ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ այցելեցին ՀՀ Ազգային Ժողով, ուր անոնց ընդունեց ԱԺ փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովը:
Ողջունելով ներկաները` ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով բարձր գնահատեց Սփիւռքի հայ համայնքներուն մէջ ուսուցիչներու` հայապահպանութեան ուղղուած ազգանուէր գործունէութիւնը: Ան նշեց, որ պատիւ է նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ աշխատիլը, քանի որ նախարարը մշտապէս կը վարակէ լուսաւոր գաղափարներով:
Անդրադառնալով այսօր ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Բաբլոյեանի եւ ՌԴ ԴԺ Պետական խորհրդարանի նախագահ Վեաչեսլաւ Վոլոտինի հանդիպման ժամանակ ռուսերէնին` Հայաստանի մէջ պետական լեզուի կարգավիճակ տալու առաջարկին` ՀՀ ԱԺ փոխնախագահն ընդգծեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պետական միակ լեզուն հայերէնն է, որ սահմանադրական օրէնք է:
Էդուարդ Շարմազանով համոզմունք յայտնեց, որ հայութեան խնդիրը Սփիւռքի մէջ հայապահպանութիւնն է, իսկ Հայաստանի մէջ` Արցախի հարցի հայանպաստ լուծումը: ՀՀ ԱԺ փոխնախագահը յորդորեց սփիւռքահայ մանկավարժներուն իրենց ամէնօրեայ գործունէութեամբ աշխարհին ճանաչելի դարձնեն Արցախը:
Խօսելով ԼՂ հիմնախնդիրի կարգաւորման մասին` Էդուարդ Շարմազանովն ընդգծեց. «Հայաստանը խնդրի խաղաղ կարգաւորման կողմնակից է, բայց ոչ երբեք միակողմանի զիջումների ճանապարհով: Արցախի յաղթանակը հայ ժողովրդի հաւաքական յաղթանակն է»:
ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալը յորդորեց միասնական ըլլալ` փաստելով, որ հայ ժողովուրդի յաջողութեան գրաւականը միասնութիւնն է:
Էդուարդ Շարմազանով համառօտ ներկայացուց նաեւ ՀՀ Ազգային ժողովի գործառոյթները, խորհրդարանին մէջ քաղաքական ուժերու դասաւորուածութիւնը, սահմանադրական բարեփոխումներէն ետք խորհրդարանական կառավարման համակարգին անցնելու առանձնայատկութիւնները:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ հիւրընկալութեան համար` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, նման հանդիպումները առաւել բովանդակալից կը դարձնեն ծրագիրը: Ան ըսաւ, որ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը 5 տարեկան է եւ ներկայացուց ծրագիրին նպատակը եւ դասընթացներու ուղղութիւնները:«Այն, որ ծրագիրը յաջողուած է, վկայում է նաեւ տարէցտարի մասնակիցների թուի աճը: Սիրելի՛ մասնակիցներ, ձեզ համար փայլուն օրինակ է տաղանդաւոր երիտասարդ փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովը, ով իր մասնագիտական եւ քաղաքական ունակութիւններով կարողացել է յաջողութիւնների հասնել Հայրենքիում: Մեր երկիրը միայն չափերով է փոքր, իսկ աշխարհում մենք 10 միլիոն ենք: Ձեր օգնութեամբ եւ անմիջական մասնակցութեամբ մենք շատ աւելի շուտ կը հասնենք մեր երազած հզօր Հայաստանին», – ըսաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարը:
Նախարարն ընդգծեց, որ 2018թ. Հայաստանի եւ Սփիւռքի համայնքներուն մէջ պիտի նշենք Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100-ամեակը եւ Երեւանի 2800-ամեակը: «Վստահ եմ, որ ձեզանից իւրաքանչիւրն իր բնակութեան երկրում ամէն բան կ’անի այդ գեղեցիկ տօները կազմակեպելու, նշելու ուղղութեամբ եւ աշխարհի բոլոր հայերի հայեացքները նորից ուղղուած կը լինեն դէպի Հայրենիք», – աւելցուց նախարարը:
Հարց-պատասխանի ձեւաչափին մէջ մանկավարժները բարձրացուցին բազմաթիւ հարցեր, որոնք կ’առնչուէին ԼՂ հիմնախնդիրի կարգաւորման, արտագաղթը կանխելուն, աշխատատեղերու ստեղծման ու հայրենադարձութեան խթանման ուղղուած ռազմավարական ծրագիրներուն, քաղաքական գործընթացներուն Սփիւռքի մասնակցութեան եւ այլն: Էդուարդ Շարմազանով բոլոր հարցերուն վերաբերեալ տուաւ սպառիչ պատասխաններ: