«Համեղ Ուտելիք` «Համեղ» Վերաբերմունքով». «Արի Տուն-2017» Ծրագիրի Մասնակից Ելիզաւէտա Այվազեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրն ամէն ամառ իր հիւրընկալ դռները կը բանայ հայրենակարօտ սփիւռքահայ  աղջիկներու ու պատանիներու առջեւ, որոնք, ծրագիրին մասին լսելով տարբեր աղբիւրներէ, նաեւ նախկին տարիներուն ծրագիրին  մասնակցած  իրենց հասակակիցներէն, կը շտապեն մասնակցութեան  յայտեր ներկայացնել,  Հայրենիք գալ ու սեփական աչքերով տեսնել այն, ինչի մասին պատմած են ընկերները: Անոնցմէ մէկուն` հեռաւոր ու խստաշունչ Սիպիրէն  Հայաստան  ժամանած Ելիզաւէտա Այվազեանի հետ «Հայերն այսօր»-ի համար ունեցած հարցազրոյցիս ընթացքին  հաճելիօրէն զարմացայ` տիպիկ  ռուսական արտաքին ունեցող աղջկայ զտարիւն հայկական ծագումով, աւելին` յանձինս անոր` ծանօթանալով արձակագիր Սուրէն Այվազեանի թոռնուհիին հետ:

Ելիզաւէտա Այվազեան, 16 տարեկան, ՌԴ, Սիպիր, Ուստինսկ

-Հայաստան  եկած եմ ցրտաշունչ Սիպիրէն, ուր ամենաբարձր ջերմաստիճանը + 16   կ´ըլլայ, իսկ Հայաստանի մէջ բարկ արեւը կը փայլի. ինծի համար անսովոր է նման տաքութիւնը: Մէկ կողմէ կը տաքնամ, միւս կողմէն` դժուարութեամբ կը տանիմ շոգը. հիմա՛ կը հասկնամ, թէ ինչու  հայերն այսքան ջերմ, իսկ Հայաստանի միրգերն ու բանջարեղէնը` շատ համեղ, արեւահամ: Մայրս հայկական համայնք ունի, այնտեղէն ալ իմացած ենք այս ծրագիրին մասին: Դատելով իմ արտաքինէս մարդոց կը թուի, թէ ես  հայուհի չեմ, ռուս եմ, սակայն եւ՛ մայրս, եւ՛ հայրս հայեր են, աւելին` հայրս` Աւետիք Այվազեանը, գրող է, յայտնի գրող է նաեւ մեծհայրս` Սուրէն Այվազեանը: Ես  նոյնպէս կը ստեղծագործեմ,կը նկարեմ: Այս շրջագայութիւններուն ընթացքին մենք այցելեցինք նաեւ Ծիծեռնակաբերդ. ես կարծես ոտքի կանգնեցայ այդ սուրբ վայրին մէջ, ամուր ու հպարտ կանգնեցայ Հայրենիքիս հողին, համոզուեցայ , որ հպարտութիւն է հայ ըլլալը: Շնորհակալութիւ՛ն Սփիւռքի նախարարութեան եւ ծրագիրի բոլոր կազմակերպիչներուն, մեզի շատ ջերմ ընդունող մեր բոլոր հայրենակիցներուն:  Մեզի հանդէպ շատ հոգատար են նաեւ հայերէն դասաւանդող ուսուցիչները: Ես շատ գոհ եմ ամէն ինչէն`  շրջագայութիւններէն, սնունդէն. ոչ մէկը  քաղցած  ու ծարաւ կը մնայ, համեղ ուտելիք կու տան, պաղ ջուր`  համեղ վերաբերմունքով: Ես միրգեր շատ կերած եմ, սակայն Հայաստանի խնձորի համն աննկարագրելի է:  Չեմ կրնար  մոռնալ այս ամէնը. վաղը պիտի մեկնինք ճամբար, որուն առօրեային մասին հիացական  պատմութիւններ շատ  լսած եմ: Այնքա՜ն յագեցած  ու հարուստ են տպաւորութիւններս…իսկ ամենալաւը  երեւանցիներն են:

Զրուցեց Կարինէ Աւագեան 

Scroll Up